Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Ժամանակակից Երկիրը Ժամանակակից Կրթութիւնն է․ Նախագահ Արմէն Սարգսեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր ընդունած է «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կրթական հիմնադրամի ներկայացուցիչները` կազմակերպութեան հիմնադիր եւ տնօրէն Լարիսա Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ:

Արմէն Սարգսեան կարեւոր նկատած է «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»-ի գործունէութիւնը` ընդգծելով որակեալ կրթութեան անհրաժեշտութիւնը երկրի զարգացման համար:

 «Եթէ կը խօսինք ժամանակակից երկրի մասին, ապա պէտք է հասկնանք, որ ժամանակակից երկիրը ժամանակակից կրթութիւնն է, որակեալ ու կրթուած մասնագէտները»,- ընդգծած է ան:

 Լարիսա Յովհաննիսեան տեղեկացուցած է, որ «Կրթութիւն բոլորի համար» միջազգային ցանցի հետ համագործակցութեամբ աշնան կը նախատեսէ Հայաստանի մէջ կազմակերպել «Ինչպէս նախապատրաստել երիտասարդները յարափոփոխ աշխարհը կերտելու համար» խորագիրով միջազգային համաժողով:

 Սարգսեան ողջունածէ նման հեղինակաւոր համաժողովի կազմակերպումը եւ՝ իր մասնակցութիւնը բերելու պատրաստակամութիւն յայտնած:

Յովհաննիսեան խօսած է նաեւ իրենց նոր նախաձեռնութեան` «Առողջ Հայաստան» հիմնադրամի մասին` նշելով, ան ստեղծուած է «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կրթական ծրագրի օրինակին ու փորձին հիման վրայ:

 «Health for Armenia» հիմնադրամը պիտի հաւաքագրէ ընտանեկան բժիշկներ ու բուժակներ եւ պիտի գործուղէ գիւղեր, ուր անոնց կարիքը կայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին