«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ Քոնկրէսի Ծերակոյտը հաստատած է Մարք Էսփըրի Փենթակոնի ղեկավարի պաշտօնին թեկնածութիւնը, զոր առաջադրած էր նախագահ Տոնալտ Թրամփ:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով ԹԱՍՍ-ը, յառաջիկային տեղի պիտի ունենայ Մարք Էսփըրի երդմնակալութեան արարողութիւնը ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին:
Վերջինիս թեկնածութիւնը Թրամփը առաջադրած էր Յունիսին: Այդ պաշտօնին Էսփըր պիտի փոխարին է Պատրիկ Շանահանին:






