ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Երբ անհերքելի եւ անվիճելի իրականութիւն է այն, որ մարդկութիւնը ցարդ չէ յաջողած բացայայտել Տիեզերքի բոլոր գաղտնիքները, եւ՝ մարդը դեռ չէ կրցած օգտագործել իր ուղեղին կարողութիւններուն 7-8%-է աւելին, ուրեմն, մարդկութեան զարգացման այս դանդաղ բայց ստոյգ յառաջդիմութիւնը՝ անխուսափելի կը դարձնէ, ժամանակ առ ժամանակ վերատեսութեան ենթարկել անցեալին ընդունուած եւ որդեգրուած շարք մը դասական բնագրերու մեկնաբանութիւնները, նոր պայմաններու եւ ձեռքբերումներու լոյսին տակ՝ մասնաւորաբար անցումային ժամանակներու, նոր մեկնաբանութիւններ տալու համար ատոնց։ Աւելի քան հազար-երկու հազար տարուայ հնութիւն ունեցող բնագրերը, ինչպէս՝ Ս. Գիրքը, նոյնպէս ենթակայ է վերատեսութեան ու նոր մեկնաբանութեան՝ ոչ միայն կեանքի պայմաններու փոփոխութեան եւ եզրերու նշանակութեան ալ տարբերութեան պատճառներով, այլեւ՝ այն պատմագիտական նոր բացայայտումներուն, պատմական նոր զարգացումներուն, եւ՝ հին բնագրերուն վրայ վերջէն կատարուած յաւելումներուն կամ նենգափոխումներուն ալ պատճառներով։
Քառորդ դար առաջ՝ 1994-ին, Փարիզի Ֆլամարիոն հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ ֆրանսացի կաթոլիկ պատմաբան եւ լրագրող Ժագ Տիւքէնի (Jacques Duquesne) “Jésus” («Յիսուս») խորագրեալ հատորը, որ պատճառաբանեալ հերքումներ կը բովանդակէ շատ մը թապու դարձած սուրբ գրային պնդումներու։ Ֆրանսական «Փարի Մաչ» (“Paris MATCH”) թերթի փաստաթուղթերու բաժնի թղթակից Ռոպեր Սետրու զրոյց մը կ՚ունենայ հեղինակին հետ, անոր հերքումներուն շուրջ, որոնց մէկ մասին ամփոփումը կը ներկայացնեմ ստորեւ։
Ա. Մարդահամարի մը պատճառով, Յիսուսի Եգիպտոս փախուստը անհիմն է։ Նախ՝ քանի որ այնպիսի մարդահամար մը տեղի չէ ունեցած պատմութեան մէջ։ Ապա՝ հակասութիւն կայ այս մասին Մատթէոսի եւ Ղուկասի պատմութիւններուն միջեւ։ Ըստ Մատթէոսի, Յիսուս, Մարիամ եւ Յովսէփ կը բնակէին Բեթղեհէմի մէջ։ Անոնք Եգիպտոս գացին Նազարէթ վերադառնալէն առաջ։ Եւ ըստ Ղուկասի, անոնք խուսափելու համար մարդահամարէն, Եգիպտոս գացին Նազարէթէն ու վերադարձան Բեթղեհէմ։
Բ. Մարիամի «անարատ յղութեան» մասին խօսքը սխալ է։ Պօղոս Առաքեալ՝ պաշտպանելով հանդերձ անարատութեան վարկածը, գրած է՝ Յիսուս որդին է կնոջ մը (յունարէն՝ Կիւնէ) եւ ոչ թէ աղջկայ մը (յունարէն՝ Փարթենոս)։ Իսկ հրեայ պատմաբան Ֆլավիուս Ճոզէֆ կ՚ըսէ՝ թէ Յիսուս Դաւիթի շառաւիղներէն է. ուրեմն՝ հրեայ մըն է, եւ՝ Յովսէփի որդին… (Հազար տարի առաջ, հայ Թոնտրակեցիները նոյնը կ՚ըսէին. Մարդու Որդի Յիսուս)։ Իսկ Մարիամի իրական ու շօշափելի մեծութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ՝ որ ան յաջողեցաւ խնամել ու դաստիարակել այսքա՜ն արտակարգ կարողութիւններով ու վսեմ տեսլականով փոքրիկ մը…։ (Չմոռնանք բրիտանացի ֆիլմի բեմադրիչ Մարք Տորընֆորմէյի «Մարդու Որդի» ֆիլմը, որուն մէջ Յիսուս խափշիկ մըն է…)։
Գ. Սբ. Ծնունդի ամբողջ պատմութիւնը յօրինուած շատ գեղեցիկ առասպել մըն է, եւ մսուրի ու շուրջի համայնապատկերի հովիւները, մոգերը եւ ամէն բան՝ խորհրդանշաններ են, ոչ՝ մարդիկ։
Դ. Հեղինակը կը պնդէ թէ ինք՝ իբր պատմաբան, իր պրպտումներով գտած է՝ թէ Յովհաննէս Մկրտիչի եւ Յիսուսի կենցաղին միջեւ բախում մը կար։ Առաջինը՝ խստակեաց էր, երկրորդը՝ կենսասէր ու կեանքի քաղցրութիւնները գնահատող ու վայելող մը (“Bon-vivant”)… (հիմնովին շրջուած պատկերը Յիսուսի պաշտօնական կերպարին)։ Արդարեւ՝ հասարակական առաքելութիւն ունեցող անձը՝ աւելի հաւանական է, որ ունենայ յեղափոխականի կենսասէր խառնուածք։ Յիսուս Կանտի մը չէր. ան խարազանը ձեռքին՝ տաճարէն դուրս վտարեց լումայափոխները եւ առեւտրականները, քանի որ Աստուած զոհ չէր պահանջեր։
Ե. Հեղինակը կը հերքէ Յիսուսի վերագրուած բոլոր «հրաշք»ները, քանի որ Յիսուս կախարդ մը չէր…։ Ան, Կանայի հարսանիքին մէջ գինիի եւ այլ առիթով ալ հացի «առատացում»ները կը բացատրէ հիմնովին այլ կերպով. Իրապաշտական, ոչ՝ կախարդական։ Հոս կրկին կ՚անդրադառնայ Յիսուսի կենսասիրութեան (“Bon-vivant”) եւ կը յիշէ թէ տեղ մը ան ըսած է, թէ՝ իրեն թշնամի հրեաներ զինք կը ներկայացնէին իբր «գինով եւ խման» (“Ivre et glouton”), եւ կը յղէ Ղուկասի 7-33 եւ Մատթէոսի 11-18 համարներուն։
Զ. Կը մերժէ Հերովդէս Կայսեր վերագրուած մանուկներու սրածումի պատմութիւնը, քանի որ՝ կ՚ըսէ, հրեայ պատմաբան Ֆլաւիուս Ճոզէֆ, որ կ՚ատէր Հերովդէսը, ոչ մէկ տեղ յիշած է մանուկներու սրածման պատմութիւն մը, ինչ որ բնական պիտի չըլլար եթէ այդպիսին պատահած ըլլար…։
Է. Հեղինակը կ՚ըսէ թէ՝ Յիսուսի աշակերտները՝ ընդհանրապէս, բացի Մարկոսէն, արտակարգ անհատականութեան տէր անձեր չէին, ոչ ալ՝ Յուդայէն լաւերը…։ Որովհետեւ, երբ Յիսուս բոլորին ըսաւ՝ «Ձեզմէ մէկը զիս պիտի մատնէ»… բոլորը՝ իւրաքանչիւր աշակերտ կասկածեցաւ թէ՝ ինքն է Յիսուսի ակնարկած մատնիչը…։
Ը. Հեղինակը Յիսուսի թշնամիները կը դասակարգէ երեք պատճառներով.
1) Տնտեսական-ֆինանսական
Ոչխար ծախողները, լումայափոխները եւ կղերականները… քանի որ Յիսուս կը քարոզէր թէ՝ Աստուած զոհ չի պահանջեր, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլար անոնց եկամուտի աղբիւրին նուազումին։
2) Քաղաքական
Տաճարի կղերականները, որոնք կը գործակցէին Հռովմէական Կայսրութեան հետ եւ ասոր լրտեսները, որոնք Յիսուսի խօսած Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ «Տուէք զկայսեր կայսեր եւ զԱստուծոյն Աստուծոյ»ը կը նկատէին Հռովմէական կայսեր դէմ՝ յեղափոխութիւն…։
3) Կրօնական
Յիսուս եթէ Աստուծոյ որդին է, ուրեմն՝ կրօնաւորներէն աւելի մօտ է Աստուծոյ…։ Ուրեմն՝ կրօնաւորները կ՚արժեզրկուին։ Յետոյ՝ Աստուծոյ մարդացումը Յիսուսի սրբապղծութիւն մըն է Աստուծոյ համար…։
Թ. Հեղինակը կը պնդէ թէ՝ «Աստուած իր միակ որդին աշխարհ ղրկեց, որ ան մեռնի՝ մարդոց սկզբնական մեղքին քաւութեանը համար» խօսքը հիմնովին սխալ է, քանի որ կենսասէր Յիսուս չէր ուզեր մեռնիլ, եւ սկզբնական մեղք ըսուածը ծիծաղելի առասպել մըն է. մարդ չի կրնար մեղք գործել ծնելով, եւ՝ ծնած պահուն։ Այս մէկն ալ կը մերժէին հայ Թոնտրակեցիները։ Որովհետեւ՝ Աստուած անգութ ու ոխակալ բռնատէր մը չէր, եւ Ադամի ու Եւայի գործած «մեղք»ին համար պատժէր իր սեփական արարածները։ Ասիկա տիրող բռնակալ դասակարգին վերջին կատարած յաւելում-նենգափոխումներէն մէկն է, մարդիկ ստրկացնելու նպատակով։ Աստուած ՍԷՐ է…։ Իսկ նորածինը կրնա՞յ գիտնալ թէ մեղքը ինչ կը նշանակէ։ Մեղքը՝ գիտակից յանցագործութիւն է։ Նորածինը ունի՞ գիտակցութիւն…։
Ժ. Հաղորդութեան մասին Աւետարանը ո՛չինչ կ՚ըսէ։ Ետքէն կատարուած յաւելում մըն է եւ Մատթէոս, Մարկոս ու Ղուկաս երբեք չեն խօսած այս մասին։ Յետոյ՝ մեծ հակասութիւն մըն է Ս. Հոգիին դէմ։ Ս. Հոգիին այցելութիւնը բոլորէն աւելին է քան՝ խմորի փշրանքով հաղորդուիլը Աստուծոյ հետ։ Ասիկա հրէական հին սովորութեան մը շարունակութիւնն է, որուն իմաստը այն էր՝ թէ այն որ հաւաքական հացէն փշուր մը կ՚առնէ, կը հաստատէ իր պատկանելիութիւնը համայնքին, ոչ միայն երէկ, այլեւ՝ այսօր եւ ապագային։
ԺԱ. Կեթսեմանիի մէջ Յիսուս կը նախազգար որ զինք մահուան պիտի դատապարտեն քաղաքական զրպարտութեամբ մը՝ նենգափոխելու համար իր ընկերային արդարութեան առաքելութեան նպատակը։ Եւ իր հարցաքննութեան ողջ ընթացքին, բազմաթիւ անգամ մերժեց ընդունիլ՝ թէ ինք ըսած ըլլայ որ ինք հրեաներու թագաւորն է։ Եւ՝ հակասեմական Պիղատոսի կամայական կարգադրութիւնն էր՝ խաչափայտի գլխին դրուած ցուցանակը. «Յիսուս Նազովրեցի՝ Թագաւոր Հրէից»… Կայսեր մօտ զրպարտելով հրեաները՝ Կայսեր փոխարէն իրենց թագաւորը ունենալու համար աշխատելու մեղքով։
Ընկերային արդարութեան առաքելութիւնը ունեցող յեղափոխական մը, երբ գիտակցութիւնը ունի իր առաքելութեան, անձնապէս իշխանատենչ պատեհապաշտ մը չէ, այլ՝ հաւաքական փրկութեան համար առաջնորդ մը։ Ան կ՚առաջնորդէ առանց տիրապետելու, ինչպէս կը պատգամէր հին չինացի փիլիսոփայ-բարոյախօսը՝ Լաօ Ցէ։
ԺԲ. Հեղինակը վճռականօրէն կը մերժէ նաեւ՝ պարապ դամբարանի փաստով Յիսուսի յարութիւն առնելը, որ չունի միայն մէկ պատճառ, այլ՝ բազմաթիւ. կամ՝ միայն մէկ բացատրութիւն, այլ՝ բազմաթիւ։ Իսկ հիմնականը այն է, որ ոչ ոք տեսած է անոր յարութիւն առնելը։ Եւ կան տակաւին կարծիքներ, որ իր աշակերտները զինք ողջ-ողջ հանած են դամբարանէն եւ Հնդկաստան փոխադրած…։ Հարիւր հաւանական ենթադրութիւններէն մէկն է միայն յարութեան ենթադրութիւնը, իսկ՝ ենթադրութիւն մը՝ փաստ չէ…։
ԺԳ. Թէ Յիսուս ունեցա՞ծ էր եկեղեցի մը հիմնելու մտադրութիւնը հարցումին, հեղինակը պատասխանած է՝ թէ ոչ մէկ քարոզի մէջ Յիսուս խօսած է այդ մասին։ Պետրոսի «վէմ» ըլլալուն եւ անոր վրայ եկեղեցի հիմնելու առասպելը վերջէն կատարուած յաւելում մըն է. հաւանաբար 150-200 թուականներուն… մեծապետական կամ մենատիրական հաշիւներով։ Սակայն, եթէ հարցնելու ըլլաք թէ Յիսուս այսօրուա՞ն եկեղեցիին նմանող եկեղեցի մը կ՚ուզէր հիմնել, պատասխանը՝ մեծ ՈՉ մըն է, որովհետեւ՝ վերջէն կատարուած յաւելումները եւ նենգափոխումները հիմնովին կը հակասեն Յիսուսի առաքելութեան ու քարոզներուն։
Կարելի է ենթադրել թէ՝ Պետրոս Առաքեալի վէմ ըլլալուն եւ անոր վրայ Տիեզերական (այսինքն՝ մեծապետական կամ մենատիրական) եկեղեցի հիմնելու եւ Յիսուսի վերագրուած խօսքին հեղինակները պէտք է փնտռել՝ Վատիկանի առաջին հիմնադիրներուն մօտ…։ Որովհետեւ՝ մինչեւ վերջերս (մինչեւ Ֆրանչիսկոս Պապի գահակալութիւնը), Վատիկան ինքնավստահօրէն կ՚ըսէր՝ To be in communion with God you have to pass by the Vatican… իր մենաշնորհը դարձնելով Աստուծոյ հետ հաղորդակցութիւնը։
Անշուշտ, պատմութեան տեւողութեան տեղի ունեցան բարենորոգչական մեծ շարժումներ եւ յեղափոխութիւններ՝ վերականգնելու համար սկզբնական մաքրամաքուր քրիստոնէութեան յատկանիշերը։
Այդ շարժումներէն առաջիններէն էր՝ հազար տարիներ առաջ հայկական Թոնտրակեան յեղափոխութիւնը։
Երկրորդ մեծագոյնը՝ 16-րդ դարու Եւրոպայի մէջ՝ Վերածնունդի (Renaissance) դարաշրջանի Բարենորոգումի (La Réforme) շարժումը, որ ընդդիմացաւ Վատիկանի մենատիրութեան։
Երրորդ մեծագոյնը՝ 20-րդ դարի 60-ականներու Լատին Ամերիկայի Կաթոլիկ յեղափոխական բարձրաստիճան կղերականներու եւ աստուածաբաններու «Ազատագրութեան Աստուածաբանութիւն»ը եղաւ։
Իսկ վերջին չորրորդ մեծագոյնը՝ Ֆրանչիսկոս Ա. Պապի յեղափոխութիւնը Վատիկանի մէջ, որուն յաճախակի անդրադարձած է տողերուս հեղինակը, որ կ՚ուզէ յիշեցնել թէ՝ յեղափոխութիւն բնութագրումին հեղինակը՝ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Ա. Պապն է։ Քիչ վերջ յիշատակուելիք Վատիկանի պաշտօնաթերթի 2019 տարուայ թիւ 1 համարի 20-րդ էջին վրայ, անգլիատառ յաւելուածէն, Պապը կ՚ըսէ. “This is the revolution of the Gospel. Where the Gospel is, there is revolution. The Gospel does not leave us calm, it drives us: it is revolutionary”։
Արդի Վատիկանի Նոր Աստուածաբանութեան սոցիալական հայեցակարգին մասին մեր վերջին գրութեան յաջորդող այս գրութեան մէջ, պիտի հարեւանցի անդրադառնանք Վատիկանի նաեւ Քաղաք-Պետութեան (City-State) կառավարման նոր հիմնական օրէնքին նորութիւններուն։
Վատիկանի պաշտօնաթերթի 2019 տարուայ թիւ 1 (4 Յունուար 2019) համարի անգլիատառ շաբաթական տարբերակին մէջ, «Արդիւնաւետութիւն եւ Թափանցիկութիւն» խորագրին տակ դրուած է հետեւեալը.
“Explanatory note of the Presidency of the Governorate on the New Law on the Governance of Vatican City State”։
Վատիկանի Քաղաք-Պետութեան նախագահութիւնը կը վերակառուցէ այս Քաղաք-Պետութիւնը, բարենորոգելով հին Լաթերանի համաձայնութեամբ որդեգրուած Սահմանադրական Օրէնքը, իբր առաջադրանք ունենալով այս հին սահմանադրութիւնը դարձնել՝
Առաւել բանական։
Առաւել խնայողական։
Առաւել պարզեցուած։
Առաւել կրճատուած մարմիններով։
Առաւել թափանցիկ։
Առաւել յարակից կանոններով։
Կազմակերպչական առաւել ճկունութեամբ։
Առաւել վերահսկելիութեամբ եւ…
Պաշտօնեաներուն ու վարչական պատասխանատուներուն մօտ ստեղծելով եւ վարձատրելով՝ ծառայութեան ոգին, գիտակից յանձնառութիւնը եւ պատասխանատւութեան զգացումը…։
Նոյն պաշտօնաթերթի նոյն տարուայ, նոյն թիւ 1-ի ֆրանսատառ յաւելուածին (9 Յունուար 2019) մէջ, Ֆրանչիսկոս Ա.ի Ամանորի քարոզը կայ, որուն մէջ ան կը շեշտէ երկու հարցեր. «Բոլորս պատասխանատու ենք՝ հանրային բարօրութեան», եւ՝ «Լաւ քաղաքականութիւնը կը ծառայէ՝ հասարակութեան խաղաղութեան»։
Եւ կը շարունակէ. «Քաղաքականութիւնը միայն կառավարիչներու վերապահուած չէ։ Այլ՝ իւրաքանչիւր անհատի։ Ամէն անհատ պարտի ամէն օր ինքզինք պատասխանատու զգալ եւ յանձնառութիւնը առնելու՝ հասարակութեան հանդէպ։ Այս է մեր Տէրոջ պատգամը մեզի. Ըլլալ հասարակութեան խաղաղութիւնը կերտողներ եւ հանրային բարօրութեան պահապաններ, ամէն օր, եւ ամէն ժամ… որովհետեւ՝ մեր Տէրոջ փառքը՝ այն ամբողջական սէրն է մարդկութեան հանդէպ, զոր մենք պարտինք ցուցաբերել մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ, հասարակութեան հանդէպ, անխտրական կերպով։
«Պէտք չէ մոռնանք, որ Հռոմի մէջ ալ կան անտունիներ, մուրացիկներ եւ թշուառներ, որոնք կ՚ապրին ստրկութեան պայմաններու մէջ, ուր իրենց մարդկային արժանապատւութիւնը հասած է վերջին սահմանագիծին։ Այս տասնեակ հազարներ կազմող մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ՝ եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ։ Ուրեմն, մենք եւս չենք կրնար անհոգ ըլլալ, քանի որ եկեղեցին մայրական խնամատարութեան ու քնքշութեան մարմնաւորումն է, եւ՝ այսպիսի խնամատարութիւն եւ քնքշութիւն այսօր դարձած են՝ նոր ժամանակներու խիստ հրատապ անհրաժեշտութիւնները, ներկայի արդի ստրկատիրութեան ժամանակաշրջանին մէջ…»։
Ֆրանչիսկոս Ա.ի յեղափոխութեան՝ Վատիկանի աստուածաբանութեան ու պետական կարգուսարքին մէջ, զուգահեռ յեղափոխութիւն մը կ՚իրականացնէ այս անգամ ալ աշխարհական քաղաքական գործիչ մը, որ կ՚երաշխաւորէ աշխարհի խաղաղութեան պահպանումն ու պատերազմի փոխարէն, ժողովուրդներուն առիթ կ՚ընծայէ ապահովելու իրենց հանրային բարօրութիւնը (Ան Թրամփի հետ համաձայնած է, որ այլեւս չկայ Գ. Աշխարհամարտ, եւ՝ այս պայմանով օգնած է Թրամփի ընտրութեան։ ԱՄՆ-ի ռազմական արդիւնաբերութեան ֆինանսատէրները՝ դէմ ըլլալով խաղաղութեան, իրենց անձնական շահերէն մեկնած, Թրամփի տապալումին համար պայքարեցան։ Թրամփ մնաց աթոռին, երբ անոնց ցոյց տուաւ իրենց զէնքերու շուկան՝ Արաբական քարիւղին ապօրինի թագաւորներն ու էմիրները… որոնք միլիառաւոր տոլարներով զէնք կը գնեն՝ իբր թէ Իրանի դէմ…)։
Այս երկու առաջնորդները՝ մտահոգ խաղաղութեամբ եւ հանրային բարօրութեամբ, ունին միեւնոյն արժեհամակարգը, միեւնոյն մարդկայնականութիւնը եւ տեսլականը… եւ զարմանալի չէ, որ անցնող Յուլիսի 4-ին եւ 5-ին, Վատիկանի մէջ անոնք ունեցան սիրալիր ու հոգեպարար հանդիպում մը, եւ հոգեւորական առաջնորդը՝ քաղաքական առաջնորդին յայտնեց իր բարձր գնահատականը՝ ռուսական դասական գրականութեան խորապէս մարդկայնական խորքին, եւ քաղաքական առաջնորդը հոգեւորականին յանձնեց նուէրներ, որոնց շարքին՝ ռուսական դասական գրականութենէն գլուխ-գործոցներ, Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու ռուսական իքոններ եւ Միքայէլ Անճելոյի գործերէն մէկը։
Այս երկու առաջնորդները աշխարհի ոչ միայն ամէնէն գործունեայ, այլեւ՝ ամէնէն լաւատես, իրատես ու համամարդկայնական տեսլականով առաջնորդներն են։ Մարդկութեան ծառայող, լայն մտահորիզոնով, միջազգայնական առաջնորդներ։ Երանելի են ասոնց հետեւող առաջնորդները։ Մենք՝ հայերս, ունի՞նք արդեօք հոգեւորական եւ աշխարհական նման առաջնորդներ։ Կամ՝ առնուազն, ունի՞նք լայն մտահորիզոնով հոգեւորականներ եւ աշխարհական քաղաքական գործիչներ, որոնք լրջօրէն կը հետեւին Ֆրանչիսկոս Ա.ի եւ Վլատիմիր Փութինի (ոչ՝ Լենինի…) այս զուգահեռ յեղափոխութեանց՝ բարի նախանձով…։ Կամ՝ կը տեսնե՞ն, որ ներկայ տարիները անցումային ճակատագրական տարիներ են, երբ միաբեւեռ աշխարհակարգի վերջալոյսին կը յաջորդէ բազմաբեւեռ նոր աշխարհակարգի մը արշալոյսը, որ անխուսափելի կը դարձնէ՝ բարենորոգումը Հայաստանեայց Եկեղեցիին ու Հայութեան քաղաքական կեանքին, որոնք՝ Արեւմտահայաստանի վերականգնումին հետ միասին, կը մնան՝ հայապահպանումի հրամայականին միակ շօշափելի նպատակները… առանց որոնց հայապահպանումի ինքնանպատակ քարոզը՝ ոչ մէկ իմաստ ունի Տարագիր Արեւմտահայութեան համար։