Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Պըրրի. Սահմանային Բանակցութիւնները Սկսելու Համար Մնացած է Միայն Մէկ Հարց

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Միակ հարցը, որ մնացած է մինչ Լիբանան կը համաձայնի մասնակցելու Իսրայէլի հետ սահմանագծման բանակցութիւններուն՝ միասնաբար քննարկելն է թէ՛ հողային եւ թէ՛ ծովային սահմանները։ Այս մասին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին յայտնեց օրէնսդիրներուն։

Ըստ այդ օրէնսդիրներէն երեսփոխան Ալի Պազիի՝ Պըրրի յայտնեց, թէ երկու երկիրներուն միջեւ քննարկումներու վերսկսման համար եղած են դրական զարգացումներ:

Իր հերթին, Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Եուվալ Շթէյնիթց Reuters-ին յայտնեց. «Մենք տակաւին կը սպասենք վերջնական արդիւնքի հասնելուն… Մենք յայտնեցինք մեր պատրաստակամութիւնը։ Իրականութեան մէջ, լիբանանցիներն են, որ պիտի որոշեն, արդեօք լո՞ւրջ են, թէ՝ ոչ»:

Նշենք, որ Լիբանան կը փորձէր լուծում մը գտնել Իսրայէլի հետ սահմանային վէճի հարցով, քանի որ ան կը պատրաստուի տարեվերջին քարիւղի եւ կազի հետախուզում սկսելու` Միջերկրական ծովի այն հատուածներուն վրայ, որոնք իր վերահսկողութեան տակ են։

Յիշեցնենք նաեւ, որ մօտաւորապէս 856 քռկ. քլմ. ջրային տարածք մը կը վիճարկուի երկու երկիրներուն միջեւ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին