Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Քապըր Շմունի Միջադէպի Թղթածրարը Զինուորական Դատարան Փոխանցուեցաւ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ալէյի միջադէպը, որ մօտ մէկ ամիս անդամալուծեց Կառավարութիւնը, փոխանցուած է Զինուորական դատարան։ Այս մասին յայտնեց դատական ​​աղբիւր մը։

Ներքին անվտանգութեան ուժերու տեղեկատուութեան բաժնի իրականացուցած հետաքննութեան աւարտէն ետք՝ անցեալ ամսուան Ալէյի Քապըր Շմունի մէջ տեղի ունեցած մահացու բախումներուն վերաբերող գործը պիտի քննարկուի զինուորական դատարանի  դատախազութեան կողմէ: Դատարանը որոշում պիտի կայացնէ, եթէ պէտք է քրէական հետապնդում իրականացնել այն չորս տղամարդոց հանդէպ, որոնք մինչ օրս ձերբակալուած են:

Մինչ գործը տեղափոխուած է զինուորական դատարան, Կառավարութիւնը կրնայ որոշում կայացնել զայն ուղղելու դատական ​​խորհուրդ՝ բարձրագոյն դատարան, որ անվտանգութեան շատ զգայուն դէպքեր վարելու փորձ ունի:

Նշենք, որ միջադէպին հետ կապուած լարուածութիւնը մօտ մէկ ամիս արգելք հանդիսացաւ Կառավարութեան նիստերու գումարումին, հակառակ ընդհանուր անվտանգութեան ղեկավար Ապպաս Իպրահիմի միջնորդական փորձերուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ջանքերուն, որոնք միտուած էին լարուածութիւնը թեթեւցնելուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին