«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթը կը գրէ․ «Ատրպէյճանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները նախատեսուած են 2020 թուականի Նոյեմբերին, սակայն 2018 թուականի ամրան սկսան նախանշուիլ գործընթացներ, որոնք կրնան յանգեցնել արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու՝ այս տարուայ աշնան։ Ներկայիս Ատրպէճեանի ներքաղաքական դաշտին մէջ յաւակնութիւններ ունեցող քաղաքական ուժերէն են ազգայնականները՝ «Ատրպէյճանի ժողովրդական ճակատ» կուսակցութեան առաջնորդ Ալի Քերիմլիի գլխաւորութեամբ, նաեւ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Իլկար Մամետովը, որ ազատ արձակուելով շուրջ հինգ տարի բանտարկութենէն ետք, հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ յայտարարած էր, որ կը պատրաստուին յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ շեշտելով, որ իշխանութեան փոփոխութիւնը պէտք է սկսի խորհրդարանէն։
Հետաքրքրական գործընթացներ տեղի կ’ունենան նաեւ իշխանութեան մէջ։ Այստեղ կան իրարու հետ աշխատող, միեւնոյն ժամանակ հակակշռող, երբեմն նաեւ իրար դէմ պայքարող երկու կլաններ՝ նախիջեւանեանը՝ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, «Նոր Ատրպէյճան» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ռամիզ Մեհտիեւի եւ Փաշաեւներու ընտանիքը՝ Ատրպէյճանի փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի գլխաւորութեամբ։ Ատրպէյճանի ներկայիս իշխանութեան համար կը շարունակեն վտանգ ներկայացնել իսլամական ուժերը։






