Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

Կրտսեր Քազաֆիի եւ 9 Ուրիշներու Դէմ Ձերբակալութիւններ՝ Սատըրի Գործով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պէյրութի դատաւորը երէկ երեկոյեան հրապարակեց ձերբակալութեան հրահանգներ լիպիացի 10 քաղաքացիներու դէմ, որոնց մէջ  է նաեւ Լիպիոյ մահացած առաջնորդ Մուամմար Քազաֆիի որդին։ Ձերբակալութիւններու հրահանգները կապուած են Իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ուղեկիցներու անհետացման հետ:

Դատաւոր Զահեր Համատէ բացայայտօրէն հրապարակած է ձերբակալման հրամանագիրներ Սէյֆ ալ-Իսլամ Քազաֆիի, Քազաֆիի նախկին հետախուզութեան ղեկավար Ապտուլլա Սենուսիի եւ Քազաֆիի գլխաւոր օգնական՝ Ահմետ Ռամատանի դէմ։

Լիբանանի Ամալ շարժման հիմնադիր Սատըրը, Օգոստոս 1978-ին, իր անձնակազմի հետ Լիպիա կատարած պաշտօնական այցի մը ընթացքին անհետացած էր: Անոնք Լիպիա մեկնած էին Քազաֆիի հրաւէրով։

Ըստ լրատուամիջոցներուն՝ փաստեր կան, որ նշեալ 10 ձերբակալուածները կապ ունին Սատըրի անհետացման հետ։

2011-ին Տուպայի հեռատեսիլի կայաններէն մէկուն տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին՝ Ռամատան  յայտնած էր, թէ հաւանական էր, որ Մուամմար Քազաֆին պատուիրած ըլլար Սատըրի անհետացումը։

Ամալ շարժման ներկայ առաջնորդ, խորհրդարանի խօսնակ Նեպիհ Պըրրին եւ շարժումը հակառակ են Լիպիոյ հետ կապեր պահպանելու Լիբանանի կեցուածքին:

Սատըրի անհետացման վերաբերեալ լարուածութիւնը պարզուեցաւ, երբ Լիպիան լքեց այս տարի Պէյրութի մէջ կայացած Արաբական տնտեսական եւ հասարակական զարգացման գագաթնաժողովը ։  

Լիպիան յայտարարեց, որ չի մասնակցիր գագաթնաժողովին, քանի որ Ամալի կողմնակիցները՝ գագաթաժողովի իրականացման տարածքին մօտ՝ այրած են Լիպիոյ դրօշը եւ զայն փոխարինած Ամալի դրօշով:

15 Դեկտեմբեր 2015-ին, Քազաֆիի որդիներէն մէկը՝ Հաննիպալը, ձերբակալուած էր Լիբանանի իշխանութիւններուն կողմէ, իբրեւ Սատըրի անհետացման հետաքննութեան մաս:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին