Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

Ուժանիւթի Նախարարը Կը Խոստանայ Քարիւղի եւ Կազի Ոլորտը «Թափանցիկ» Դարձնել

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ուժանիւթի նախարար Նատա Պուսթանի Երեքշաբթի խոստացաւ քարիւղի եւ կազի ոլորտը այնքան զարգացնել, որ անիկա գործէ ամբողջովին թափանցիկ։

Խօսելով քարիւղի միջազգային երկիրներու աշխատաժողովի բացման ժամանակ՝ նախարարը ըսաւ, որ «կառավարութիւնը եւ ուժանիւթի ու ջրամատակարարման նախարարութիւնը հաւատարիմ են զարգացնելու Լիբանանի քարիւղի ոլորտի թափանցիկութիւնը»։

Պուսթանիի մատնանշած սոյն թափանցիկութիւնը պիտի կառուցուի Արդիւնաբերութեան ոլորտի թափանցիկութեան նախաձեռնութեան վրայ. Անիկա ոլորտը կառավարելու տարածուած չափորոշիչ մըն է, որ պիտի օգնէ ներգրաւելու համաշխարհային ընկերութիւնները՝ ներդրում ունենալու Լիբանանի ափամերձ տարածքներուն վրայ:

Նշենք, որ 2018-ին, Պէյրութ ստորագրեց իր առաջին պայմանագիրը քարիւղի ընկերութիւններու միջազգային առեւտրական ընկերակցութեան հետ՝ իր ջուրերուն վրայ քարիւղի եւ կազի իրացման համար։ 4-րդ հատուածին վրայ շխատանքները կը նախատեսուին սկսիլ այս տարուան Դեկտեմբերին, իսկ 9-րդի վրայ՝ Մայիս 2020-ին:

Պուսթանի նշեց, որ իր նախարարութիւնը կ՝աշխատի Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Լիբանանի Քարիւղի վարչութեան հետ, Կիպրոսի հետ երկկողմանի համաձայնագրերու մշակման համար, որպէսզի որոշեն քարիւղի համախմբման յետագայ քայլերը։ Նախարարութիւնը նաեւ կ՝աշխատի Եգիպտոսի հետ, որպէսզի որոշէ Լիբանանի կապը արաբական կազատարին հետ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին