Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Տեսանկիւն. Որսորդը, Շունը եւ Եղնիկը

Կը պատմուի՝ սիրելի ընթերցող, թէ ատենին որսորդ մը կար: Ան օր մը եղնիկի մը ետեւէն կը կրակէ, սակայն փամփուշտը կը վրիպի:

Ան անմիջապէս իր շունը կ՛արձակէ՝ հրահանգելով, որ երթայ եղնիկին գլուխը իրեն բերէ:

Շունը արագընթաց կը փորձէ հասնիլ սուրացող եղնիկին ետեւէն: Եղնիկը մինչ կը սուրայ՝ ետեւ դառնալով կը հարցնէ հեւ ի հեւ վազող շունին, թէ ի՞նչ կ՛ուզէ իրմէ: Շունը կը պատասխանէ, որ մի քանի քայլ եւս ու ահա իր վիզէն բռնելով զինք պիտի տանի նետէ իր տիրոջ ոտքերուն տակ՝ կատարած ըլլալով անոր հրամանը:

Եղնիկը քմծիծաղով կը պատասխանէ. «Խե՜ղճ շուն, դուն պարապ տեղը կը յոգնիս ու կը հեւաս, դուն զիս չես կրնար բռնել, որովհետեւ դուն լաւ չես ճանչնար զիս»: Շունը՝ շարունակելով անհաւասար հետապնդել եղնիկը՝ բարկացած կը հաջէ. «մի հոխորտար եղնիկ: Քանի մը քայլ եւս ու ես քու վիզդ կ՝ոլորեմ»:

Եղնիկը բարձրաձայն խնդալով կը գոչէ, «տեսա՞ր, որ իրապէս չես ճանչնար զիս: Ես լեռն ի վեր կը սուրամ իմ համար՝ մինչ դուն կը վազես տիրոջդ համար…»: Ու թռչկոտելով կը շարունակէ աւելի եւս սուրալ՝ անտեսանելի դառնալով  շան համար…:

Բարի լոյս սիրելի ընթերցող: Բարի շաբաթասկիզբ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին