«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Համաշխարհային դրամատան բարձրագոյն պաշտօնեան Լիբանանի 2019-ի պետական
պիւտճէի հաստատումը կը համարէ «լաւ առաջին քայլ մը»։ Այդ մասին ան գրած է Twitter-ի իր էջին:
Համաշխարհային դրամատան տարածաշրջանային տնօրէն Սարոժ Գումար Ժհան նաեւ բարձր գնահատեց «ազգային բանավէճը», զոր ունեցան կառավարութիւնն ու խորհրդարանը՝ պիւտճէն վաւերացնելու ընթացքին, որուն նպատակն էր կտրուկ նուազեցնել պակասուրդը։ Ըստ անոր՝ ողջունելի է տարածաշրջանին մէջ իւրայատուկ քննարկում իրականացնելը:
Նշենք, որ Խորհրդարանը 2019-ի պետական պիւտճէն հաստատեց Ուրբաթ երեկոյեան՝ 83 թեր, 17 դէմ եւ մէկ ձեռնպահ քուէներով:
Լիբանանի համար միջազգային աջակցութեան խումբը նոյնպէս ողջունեց պիւտճէի հաստատումը` նշելով, որ անիկա կը գոհացնէ այն զոհաբերութիւնները, որոնք լիբանանեան ժողովուրդը կը կատարէ երկիրը տնտեսական աճի ճիշդ ուղիի վրայ դնելու համար:
Պիւտճէն կը ներառէ շարք մը խոցելի կէտեր, որոնք ուղղուած են երկրի պակասուրդը կրճատելուն, որ նախորդ տարի համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) 11.1 տոկոսն էր: Կէտերը կ՝ընդգրկեն նախարարութիւններու եւ պետական մարմիններու պիւտճէներու կրճատումները, ինչպէս նաեւ պետական ծառայողներու թոշակներու ու նպաստներու կրճատումները, որոնց մէջ են թոշակառուներունը եւ վեթերաններունը:
Կառավարութիւնը նախապէս պակասուրդը նուազեցուցած էր ՀՆԱ-ի 7.59 տոկոսի, մինչ խորհրդարանի ելեւմուտքի եւ պիւտճէի կոմիտէին կողմէ անոր նուազեցումը 6,59 տոկոսի: Այնուամենայնիւ, կ՝ակնկալուէր, որ այս թիւերը փոխուին Ուրբաթ օրուան խորհրդարանական նիստին՝ պատգամաւորներու կողմէ հաստատուած փոփոխութիւններուն պատճառով:
Ելեւմուտքի եւ պիւտճէի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան նիստէն ետք յայտնեց, որ պակասուրդը պիտի չգերազանցէ 7 տոկոսը։
Նշենք, որ Լիբանանի պակասուրդը կրճատելը նախորդ տարի Փարիզի մէջ կայացած CEDRE խորհրդաժողովի ժամանակ Լիբանանի կատարած հիմնական խոստումներէն մէկն էր։
Նշենք նաեւ, որ Լիբանանը կը համարուի աշխարհի երրորդ ամենաբարձր պարտք-ՀՆԱ յարաբերակցութիւնը ունեցող երկիրը՝ մօտ 150 տոկոս:






