Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Փաշինեան Հայոց Բանակը Կը Համարէ Այն Հիմնական Տեղը, Ուր ՀՀ Քաղաքացին Յաղթելու Արուեստը Կը Սորվի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Արտակ Դաւթեանի ուղեկցութեամբ՝ այցելած է Արմաւիրի մարզի N զօրամաս, հանդիպած սպաներու եւ ծառայողներու հետ, իսկ հանդիպման աւարտին անձամբ փորձած է զինուորներուն մատուցուող սնունդը: «Արմենփրես»-ին այս մասին տեղեկացուցած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Կառավարութեան ղեկավարը նախ ծանօթացած է զօրամասին մէջ իրականացուող շինարարական աշխատանքներու ընթացքին, այնուհետեւ հանդիպած զինծառայողներուն:

Իր խօսքին մէջ ՀՀ վարչապետը կարեւոր համարած է զինուորի, ընդհանրապէս, ծառայութեան անցնող զինուորի երկտարեայ ծառայութեան կարեւորագոյն գործերէն մէկը ուսումնական զօրամաս մտնելն է, ուր ան կը սորվի զինուորական գործ, կը ստանայ բազմաթիւ նոր գիտելիքներ, կը սորվի նոր հմտութիւններ։

Փաշինեանի խօսքով՝ Հայոց բանակը այն հիմնական տեղն է, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն կը սորվեցնեն յաղթելու արուեստը, յաղթելու հմտութիւնը: 

«Համոզուած եմ, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրի մէջ կայ յաղթողի տաղանդը եւ զինուած ուժերը պէտք է կրնան օգնել ձեզի, որպէսզի ձեր մէջ այդ տաղանդը բացայայտուի»,- ըսած է ան:

Վարչապետի խօսքով Հայաստանի բանակը պէտք է ըլլայ տարածաշրջանի ամենամարտունակ բանակը, որուն համար անիկա պէտք է ըլլայ տարածաշրջանի ամենազարգացած բանակը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին