Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Պատժամիջոցներու Պատճառով Չինաստանը ԱՄՆ-ին Բողոք Յայտնած է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Չինաստանի իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան բողոք յղած են Չինաստանի քանի մը ընկերութիւններու նկատմամբ Ուաշինկթընի միակողմանի պատժամիջոցներուն պատճառով՝ Իրանի հետ համագործակցութեան համար: 19 Յուլիսին այս մասին յայտարարած է ՉԺՀ-ի (Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան) արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Կէն Շուանը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմենփրես»-ը:

«Չինաստանը կտրականապէս դէմ է այլ երկիրներու, ինչպէս Չինասանի նկատմամբ ԱՄՆ-ի միակողմանի պատժամիջոցներուն,- նշած է ան ճեպազրոյցի մը ընթացքին:- Մենք Ուաշինկթընէն կը պահանջենք անյապաղ դադրեցնել նման սխալ գործողութիւնները, դրսեւորել յարգանք միւս պետութիւններու օրինական իրաւունքներուն նկատմամբ: Մենք արդէն Միացեալ Նահանգներուն յայտարարութիւն ըրած ենք այդ առիթով»:

Դիւանագէտին խօսքով՝ պատժամիջոցները, որոնց միջոցով ամերիկեան կողմը կը փորձէ լուծել իրանական հիմնախնդիրը, բացարձակապէս անարդիւնաւէտ են եւ չեն կրնար յանգեցնել տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան նուազման, հաղորդած Է ԹԱՍՍ-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին