«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Լիբանանի պատուիրակութիւնը Ուրբաթ օր Ուաշինկթընի մէջ կայացած խորհրդաժողովը լքեց, երբ խօսիլ սկսաւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը:
«The Daily Star»-ի մօտ յայտնուած տեսանիւթը ցոյց կու տայ Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, ԱՄՆ-ի մէջ Լիբանանի դեսպան Կապի Իսսան եւ Լիբանանի պատուիրակութեան անդամները ոտքի կ՝ելլեն ու կը հեռանան, երբ Իսրայէլ Քանց կը սկսի իր ելոյթը:






