«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան Ուաշինկթընի մէջ աշխատանքային ճաշ ունեցած է Վրաստանի խորհրդարանի իր գործընկեր Արչիլ Դալագվաձէի հետ: «Արմենփրէս»-ի տեղեկութիւններով՝ այս մասին նշուած է Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքին մէջ:
Կողմերը՝ քննարկման ընթացքին՝ մեծ կարեւորութիւն տուած են երկու խորհրդարաններու դերին հայ-վրացական յարաբերութիւններուն մէջ եւ վերահաստատած խորհրդարանականներուն միջեւ պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական շփումներու աշխուժացման պատրաստակամութիւնը:






