Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

«Մենք Պետականակիր Ազգ Ենք Առայժմ Աւելի Խօսքով, Քան Թէ՝ Գործով». Հարցազրոյց Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի Հետ

 Զրոյցը վարեց՝ ԿԱՐԻՆԷ ՌԱՖԱՅԷԼԵԱՆ

Մայիս 30-31-ին Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի մէջ, հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի նախաձեռնութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի հայկական համայնքներու բաժնի աջակցութեամբ, կայացաւ «Յունաստանի եւ Կիպրոսի հայերը» խորագրով երկօրեայ գիտաժողով, որուն կը մասնակցէին հայ եւ օտար 29 մասնագէտ Հայաստանէն, Լիբանանէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Սուրիայէն, Միացեալ Թագաւորութենէն, Ֆրանսայէն, ԱՄՆէն

Մենք զրոյցի հրաւիրած ենք գիտաժողովի կազմակերպիչ, Հայկազեան համալսարանի հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, «Հայկազեան հայագիտական հանդէս» տարեգիրքի պատասխանատու քարտուղար, դոկտոր Անդրանիկ Տագեսեանը:

Պարո՛ն Տագէսեան, հայկական սփիւռքի անհաշիւ հիմնախնդիրները լուսարձակելու նպատակին հետամուտ են  Հայկազեան համալսարանի հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի՝ պարբերաբար կազմակերպուող գիտաժողովները: Ին՞չ աշխատանք իրականացուած է մինչ օրս, եւ ի՞նչ նոր նախաձեռնութիւններ կը սպասուին յառաջիկային:
– Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը հիմնուած է 2012 Յունուարին: Կեդրոնը կը նպատակադրէ լուսարձակի տակ առնել յետեղեռնի միջինարեւելեան հայօճախներու պատմութիւնը, խթանել այդ մասին համապատասխան ուսումնասիրութիւններու կատարումը, գիտական նիւթի յառաջացումը, այդ նիւթերով հետաքրքրութեան ծաւալումը, արխիւային նիւթերու մէկտեղումը, համապատասխան աղբիւրներու եւ նիւթերու քարտիսագրումը, հետազօտողներու աշխատանքային եւ հաղորդակցական ցանցի յառաջացումը եւն: Կեդրոնը կը միտի այդ հայօճախներուն պատմութիւնը համապատասխան որակով համարկելու Սփիւռքի համապատմութեան, միաժամանակ՝ իւրաքանչիւր հայօճախի պատմութիւնը համարկելու տուեալ երկրի պատմութեան:
Այս ելակէտով, մենք կազմակերպեցինք գիտաժողովներու շարք մը: Գործակցութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի, 5-7 Սեպտեմբեր 2011ին կազմակերպեցինք «Հայաստանի Հանրապետութիւն-Սփիւռք գործակցութիւն. երէկ, այսօր, վաղը», 13-14 Մարտ 2013ին, Երեւանի պետական համալսարանի գործակցութեամբ՝ «Հայկական ինքնութեան խնդիրները 21րդ դարուն» (որուն երկրորդ յանգրուանը կայացաւ Երեւանի մէջ 17-19 Հոկտեմբեր 2013ին), իսկ 15-17 Մայիս 2013ին՝ «Հայկական անդրսահմանային տարածականութիւնը եւ արդի հաղորդակցական միջոցները» գիտաժողովները:
Այնուհետեւ, լծուեցանք Միջին Արեւելքի հայօճախներուն հարիւրամեայ կենսագործունէութեան նուիրուած ամէնամեայ գիտաժողովներուն. 14-16 Մայիս 2014ին՝ «Լիբանանի հայերը (Բ.)», 24-27 Մայիս 2015ին՝ «Սուրիոյ հայերը», 22-24 Մայիս 2016-ին՝ «Յորդանանի հայերը», 29-31 Մայիս 2017-ին՝ «Իրաքի հայերը», 12-13 Ապրիլ եւ 29-30 Մայիս 2018-ին՝ «Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայերը», 30-31 Մայիս 2019ին՝ «Կիպրոսի եւ Յունաստանի հայերը» գիտաժողվները: Նաեւ խորհրդաժողով մը՝ «Հայ կնոջ դերին ծիրն ու հզօրացումը» վերնագրով, 28 Ապրիլ 2017ին:

«Յունաստանի եւ Կիպրոսի հայերը» թեմայով գիտաժողովին անձամբ մասնակցելուս պարագան թոյլ կու տայ որոշ չափով ինքզինքս ներսի մարդ զգալ եւ անդրադառնալ երկօրեայ քննարկումներու ընթացքին հնչած անհանգստութիւններուն: Այս առումով կուզեմ գիտնալ Ձեր կարծիքը այն հարցի վերաբերեալ, զոր կը հնչեցնէին մասնակիցներէն շատերը. ո՞րն է օտարութեան մէջ հայը հայ պահելու բանաձեւը, արդեօ՞ք հայրենադարձութիւնը այս խնդիրի լաւագոյն լուծումը չէ:

– Հայրենադարձութիւնը՝ իր բոլոր դրականութեամբ հանդերձ, չի լուծեր «արտասահմանի մէջ հայը հայ պահելու» առաջարկուած յառաջադրանքը: Անիկա կ՚առաջադրէ արտասահմանի մէջ հայու վերացումը, որ ոչ միայն իրատեսական չէ, այլեւ հայկական շահերուն չի նպաստեր եւ աւելին՝ համաշխարհային ընկերային միտումներուն հակառակ կը նաւարկէ: 
Ինչ կը վերաբերի «արտասահմանի մէջ հայը հայ պահելու» գաղափարին, ապա ասիկա ալ անիրատեսական կը գտնեմ. այսօր գրեթէ անգտանելի է 100 տոկոսանի մէկ ինքնութեամբ անհատ: Սփիւռքի հայը այսօր քիչ մը հայ է, քիչ մը իր ծննդավայրին ժողովուրդին կը պատկանի, քիչ մը իր աշխատանքային երկրին ժողովուրդին կը պատկանի, քիչ մը իր մասնագիտութեան հաւաքականութեան կը պատկանի, քիչ մը իր նախասիրած հետաքրքրութեան խումբին կը պատկանի: Այսօր ամէն անհատ աւելի քան մէկ ինքնութիւն ունի, փոփոխուուող ինքնութիւններու հաւաքածոյ մըն է մարդ արարածը այսօր, իսկ վաղը կրնայ այդ հաւաքածոյին բաղադրիչներուն համեմատութիւնը փոխուիլ: Նկատի առնենք, որ առօրէական եւ կենցաղային ու աշխատանքային ինքնութիւնները տակաւ աւելի գերակշիռ կը դառնան աւանդական ինքնութիւններէն: Այլ խօսքով, իմ այսօրուան ինքնութեանս զօրաւոր մէկ շերտը կը կ’ազմէ ա՛յն, ինչին ես կ՚առնչուիմ, ինչը ես կը սիրեմ, ինչը ես կ՚որդեգրեմ: 
Մեր ճիգը պիտի ըլլայ արտասահմանի հայուն ինքնութեան բաղադրիչին մէջ հայու, հայկականութեան մասնաբաժինը վառ ու կենսունակ պահել, զինք կարելի առաւելագոյնս առնչելով հայկականութեան, իրեն սիրցնելով հայկականութիւնը:
Իսկ ատիկա կարելի է ընել արտասահմանցի հայուն համար հայն ու հայկականութիւնը հրապուրիչ դարձնելով: Շեշտեմ՝ հայն ու հայկականութիւնը հրապուրիչ դարձնելու մեծագոյն առարկայական կարողականութիւնը ունին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները իրենց ազգային մշակութային ու ժողովրդագրական անփոխարինելի շտեմարաններով:

Գիտաժողովի ընթացքին բազմիցս կարեւորուեցաւ մասնակիցներու եւ կազմակերպիչներու գիտական ջանքը գործնական արդիւնքի վերածելու անհրաժեշտութիւնը: Կը տեսնէ՞ք նման հնարաւորութիւն:
– Վերջին տարիներուն ինծի համար առաւել ծանր մտահոգութիւն է հետեւեալը. ամէն տարի, եւ յարատեւ, հայ եւ ոչ-հայ միտքը հայագիտական հսկայ չմշակուած հումք եւ գիտութիւն «կ’արտադրէ՛»: Հարց է, թէ այս բերքը անմիջականօրէն առաւելագոյնս կ՚օգտագործուի՞ յօգուտ հայ իրականութեան, կը վերածուի՞ հայկական յառաջընթացին աւելի սատարող ուժանիւթի: Այս առումով, դժբախտաբար, մենք ռազմավարական թերացումի մէջ ենք: Իսկ հնարաւորութիւ՞ն՝ անշուշտ: Իւրաքանչիւր ինքզինք յարգող ազգ-պետութիւն, որ գործնապէս կը յաւակնի (եւ ոչ միայն խօսքով կը հռետորաբանէ), թէ կը ձգտի ապահովել իր ապագան, պարտի ռազմագիտական այս յոյժ էական խնդրին համապատասխան պատասխանատուութեամբ մօտենալ: Մենք պետականակիր ազգ ենք առայժմ աւելի խօսքով, քան թէ՝ գործով: Իսկ մեր պատմութիւնն ու պատմական փորձը մեզի ուրիշ դաս մը տուած են:

www.irates.am

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին