«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հըզպալլայի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի Հինգշաբթի իր հրաժարականը ներկայացուց խորհրդարան` օրեր անց իրեն վերագրուող մեղադրանքէն, ըստ որուն ան կրակ բացած էր ոստիկանատան մը ուղղութեամբ:
«Հըզպալլան խնդրեց, որ ան հրաժարական տայ, եւ ինք ընդունեց»,- յայտնեց կուսակցութեան աղբիւրը:
Ամիսներ առաջ Հըզպալլան արգիլած էր Մուսաուիին խորհրդարանի մէջ իր ներկայացուցիչը ըլլալ, քանի որ ան մեկնաբանութիւններ ըրած էր 1982-ին սպաննուած նախագահ Պեշիր Ժըմայէլի մասին:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մհամետ Ռաատ այդ առիթով ներողութիւն խնդրած էր պլոքի անունով՝ նշելով, որ Մուսաուիի մեկնաբանութիւնները «անձնական կարծիք են եւ անցած են սահմանը»։
Հըզպալլայի աղբիւրը յայտարարած է, որ Մուսաուիին հրաժարելու կոչ ըրած է հրաձգութեան մէջ կասկածուելուն համար:
Ներքին անվտանգութեան ուժերուն կողմէ շրջանառուող յուշագիրի մը համաձայն՝ Մուսաուի 20 զինուած տղամարդոց ուղեկցութեամբ՝ ժամանած է ոստիկանութեան մը բաժանմունքը, ուր կը հարցաքննուէր իր նախկին փեսան Հասան Մոքտատ, որ նեղութիւն տուած էր իր դուստրին: Անոնք փորձած են ոստիկանութիւն մտնել, սակայն ոստիկանները չեն արտօնած:
Յուշագիրին համաձայն՝ Մոքտատ վիրաւորուած է ոտքէն, երբ մէկը կրակ բացած է ոստիկանատան ուղղութեամբ:






