Շաբաթ, 14. 03. 2026

spot_img

Պիւտճէի Քուէարկութեան Ընթացքին՝ Խորհրդարանէն Դուրս Ցոյցեր

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հանգստեան կոչուած զինուորական պաշտօնեաներ Հինգշաբթի օր վիճաբանութիւն մը ունեցան  անվտանգութեան աշխատակիցներու հետ, երբ անոնք փորձեցին շարժիլ դէպի խորհրդարան, ուր օրէնսդիրները հրաւիրուած էին 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծի քուէարկութիւնը սկսելու:

Երեսփոխանները քննարկումներուն երրորդ օրը աւարտեցին երեկոյեան ժամը 8-ի սահմաններուն՝ հաւանութիւն տալով եւս վեց ամիս հաշիւներու փակման յետաձգման:

Ցոյցի ելած կարգ մը վեթերաններ՝ անվտանգութեան մետաղեայ պարիսպները շրջանցելով փորձեցին անցնիլ. Անոնցմէ ոմանք, սակայն, տարուեցան շտապօգնութեան մեքենաներով:

Նշենք, որ վեթերանները բողոքի ցոյցեր սկսած էին Երեքշաբթի առաւօտեան, երբ խորհրդարանը առաջին անգամ կը հանդիպէր քննարկելու խնայողութիւններու պիւտճէն, որ իր ներկայ ձեւով վեթերաններուն կը ներկայացնէ նոր կենսաթոշակներու 1.5 տոկոս հարկ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ կը ղեկավարէր երեկոյեան նիստը՝ կոչ ըրաւ բոլոր երեսփոխաններուն մասնակցելու եւ քուէարկելու պիւտճէի նախագիծի օգտին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին