Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՚ողջունէ «Ի Պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներուն» Ուաշինկթընի Մէջ Կատարուած Աշխատանքը

Այս առաւօտ «Ի Պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներուն» խմբաւորումի ատենապետ Թուֆիք Պաաքլինիի ուղղած խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց յիշեալ կազմակերպութեան կողմէ կատարուած աշխատանքները՝ ի նպաստ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան։

Յայտնենք, որ երէկ՝ Չորեքշաբթի, 17 Յուլիս 2019-ին, նոյն կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսին մէջ տեղի ունեցաւ աղօթքի հանդիպում մը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութան մասնակցեցան Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան եւ Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։

Նոյն օրը երեկոյեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կազմակերպութեամբ միօրեայ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ խղճի ազատութեան առնչուած։

Վեհափառ Հայրապետը անձնապէս հրաւիրուած էր մասնակցելու յիշեալ երկու հաւաքներուն։

Նշենք, որ «Ի Պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներուն» խումբին նախագահի, շուրջ երկու ամիսներ առաջ, այցելած էր Անթիլիասի Մայրավանք եւ խորհրդակցութիւն ունեցած էր Նորին Սրբութեան հետ յիշեալ ձեռնարկներուն գծով։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր գործօն մասնակցութիւնը կը շարունակէ բերել խմբաւորումի աշխատանքներուն։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին