Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Տխրունի. ՄԱՀ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՈՂԲ. ՎԱԶԳԷՆ ՎԻՔԹՈՐ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԻ

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Երեքշաբթի, 2 Յուլիս 2019-ին, Լոս Անճելըսի մէջ 92 տարեկան հասակին, կարճատեւ հիւանդութենէ ետք, մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ ազգային բեղուն գործիչ մը, հայ մշակոյթի հրաշագործութեան խորապէս հաւատացող եւ հիացող ազգային մը՝ Վազգէն Վիքթոր Մարտիրոսեան, մեծ ցաւ պատճառելով գաղութիս մէջ գործող մշակոյթի բազմաթիւ գործիչներու եւ ծանօթներու։

Տան կարգը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 11 Յուլիս 2019, առաւօտեան ժամը 11։00-ին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ սգակիրներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ։

Եկեղեցիէն ներս, հոգեւոր յուզիչ աղօթքներէ ետք, խօսք առին հանգուցեալին մօտիկ բարեկամներէն՝ Մաշտոց Քոլէճի հիմնադիր-նախագահ՝ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, որ սրտաշարժ խօսքով տուաւ հանգուցեալին կեսագրութիւնը, նկարագիրի գիծերը եւ ծառայութեան վաստակը։ Ապա հանգուցեալին դուստրը՝ ազգային եռանդուն գործիչ՝ Լուսիա Մարտիրոսեան-Կիլ, ինչպէս նաեւ թոռնիկը՝ Թիֆընին։

Հուսկ խօսք առաւ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ հանգուցեալի գործունէութեան մօտէն ծանօթ էր, ցաւակցութիւններ յայտնելով աղջկան՝ Լուսիային։

Ապա, հանգուցեալին թաղման կարգը կատարուեցաւ Հոլիվուտ Հիլզի գերեզմանատան մէջ, որմէ ետք, անոր յիշատակը յարգողներու բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ Պրպէնքի «Արպաթ» ճաշարան՝ հոգեճաշի։

Տէր Վազգէն աւագ Քհյն. Աթմաճեանի հոգեճաշի օրհնութենէն ետք, հասարակական գործիչ Արա Ահարոնեանի հանդիսավարութեամբ խօսք առնելու հրաւիրուեցան ամերիկացի պետական այրեր, որոնք ջերմ եւ երախտագիտական խօսքերով անդրադարձան հանգուցեալին ծառայութիւններուն եւ մարդասիրական գործունէութեանց։ Հանդիսավարին հրաւէրով խօսք առին գաղութի ներկայացուցիչներէն՝ Խաչիկ Ճանոյեան, Սարգի Մուրատեան եւ Յարութ Սասունեան, իւրաքանչիւրը քաղցր յիշատակներու պատմումով անդրադարձաւ հանգուցեալ Վազգէն Վիքթոր Մարտիրոսեանի բարեգործութիւններուն եւ ազգին, հայրենիքին եւ հայ մշակոյթին մատուցած ծառայութիւններուն։

 

***

Վազգէն Վիքթոր Մարտիրոսեան ծնած էր 30 Մարտ 1927-ին, Պուլկարիոյ Վրատցա քաղաքը։ Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած էր այս քաղաքին մէջ, ապա յաճախած է Սոֆիա քաղաքի St. Clement Ohridisky հանրածանօթ համալսարանը մասնագիտանալով մամուլի եւ ոճաբանութեան մէջ։ Համալսարանը աւարտելէ ետք, կը միանայ Պուլկարիոյ ոստիկանական բաժանմունքին։ Քանի մը տարիէն ան կը հասնի եւ կը ստանձնէ իր քաղաքի ոստիկանապետի պաշտօնը։

1952-ին կ՚ամուսնանայ Մենտուհի Մանչուքեանի հետ, ապա նորապսակ զոյգը փախուստ կու տայ Պուլկարիայէն եւ կը տեղափոխուի Լիբանան։ Հոն Վիքթոր Մարտիրոսեան կը գործէ խանութի մը մէջ, իսկ տիկին Մենտուհին Պէյրութի Նշան Փալանչեան Ճեմարանին մէջ կը դասաւանդէ անգլերէն եւ ֆրանսերէն։

1959-ին Տէր եւ Տիկ. Մարտիրոսեանները կը տեղափոխուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Վիքթոր եւ Մենտուհին կը ծանօթանան Սուրէն Սարոյեանին եւ Ճորճ Մարտիկեանին հետ եւ որպէս կամաւորներ տարիներ շարունակ ծառայած են «Անչա» կազմակերպութեան մէջ, օգնելով բազմաթիւ հայ ընտանիքներու։ Անոնք Արեւելեան Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի դժուար պայմաններու մէջ գտնուող հայեր կը բերէին Ամերիկա։

Վիքթոր Մարտիրոսեան զանազան գործերով զբաղեցաւ իր ապրուստը ապահովելու համար։ Իսկ 1963-ին հիմնեց Հայ Ամերիկեան Թատերական եւ Արուեստի Միութիւնը, որովհետեւ շատ կը սիրէր հայ արուեստը։ Բազմաթիւ միութիւններու եւ ամերիկեան պետութեան օգտակար եղած է։

Հանգուցեալ Վիքթոր եւ Մենտուհի Մարտիրոսեանները Հայաստանէն, Միջին Արեւելքէն բազմաթիւ արուեստագէտներ հրաւիրած են ԱՄՆ, անոնց ձեռնարկներ կազմակերպած են, յաճախ մեծ գումարներու վնաս կրելով հանդերձ։

Ամերիկեան Դաշնակցային, Քալիֆորնիոյ նահանգի, Լոս Անճելըս գաւառի եւ քաղաքի կողմէ բազմաթիւ գնահատագիրներու արժանացած է ան։ Դաշնակցային FBI Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան կողմէ շքանշաններու արժանացած է, իսկ հայ կամ օտար բարեսիրական կազմակերպութեանց կողմէ բազմաթիւ գնահատանքներու արժանացած են ինք եւ իր տիկինը՝ հանգուցեալ Մենտուհին։

Արդարեւ, Վիքթոր Մարտիրոսեան, իր աստուածապարգեւ 92 տարիներու կեանքի ընթացքին, իմաստութեամբ, շէն ու շէնշող կեանք մը ապրեցաւ, Աստուծոյ շնորհներով լիուլի վայելեց իր կեանքը եւ գիտցաւ իր ընտանիքին, դստեր՝ Լուիզային, հայ ժողովուրդին, իր յաւիտենական հայրենիքին՝ Հայաստանին, հերոսական Արցախին եւ իր շատ սիրելի Ամերիկային իր լաւագոյնը տալ, խորապէս համոզուած ըլլալով, բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի խօսքին պէս.

 

«Ինչ մնաց, կեանքէն ինծի ինչ մնաց,

Ինչ որ տուի ուրիշին տարօրինակ այդ միայն»։

 

Թող Աստուած հանգուցեալ Վիքթոր Մարտիրոսեանի հոգին երկնքի արքայութեան արժանի ընէ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին