Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ակնարկ. Ինչպէ՞ս թիավարել, երբ չկան մնայուն բարեկամներ եւ թշնամիներ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Միջազգային քաղաքական տաք, գաղջ եւ պաղ ջուրերուն մէջ ինչպէ՞ս թիավարել, երբ աշխարհի մեծ պետութիւնները խնդրայարոյց մրցակցութեան մէջ կը գտնուին, իւրաքանչիւրը օգտուելով ի՛ր կողմնացոյցէն։ Մերթ անոնց շահերը կը զուգորդուին իրարու եւ կ՚ենթադրուի, թէ մակընթացութիւններն ու տեղատուութիւնները իրենց տեղը զիջած են մանրալիք խաղաղութեան, մերթ ալ՝ ամէն մէկը յառաջ կը քշէ իր «նաւատորմը», արհամարհելով դիմացինը եւ առանց լսելու անոր կարծիքը։

Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան եւ Եւրոպական Միութիւն ունին իրենց ճանապարհի քարտէսը, եւ անոնք որոնք այդ ճամբուն վրայ խոչընդոտ կը հանդիսանան, կա՛մ պիտի ճամբայ տան եւ կա՛մ ալ… պատրատ գտնուին դիմադարձութեան։

Այս բազմաղեկ իրականութեան հակասութիւններէն կը փորձեն ջուրին երեսը մնալ Հայաստանի երկու մեծ դրացիները. Իրանը եւ Թուրքիան։ Անոնցմէ առաջինը, արդէն հարուածի տակ ըլլալով, դիմած է ինքնապաշտպանութեան, մէկ-մէկ կատարելով նաեւ հակայարձակումներ։ Իսկ Թուրքիա, Ռուսիայէն զէնք-զինամթերք գնելով, իր երկարամեայ բարեկամ Ամերիկային կը փորձէ բան մը հասկցնել։

Մեր միւս դրացին՝ Ատրպէյճանը, հանգիստ չի նստիր։ Ան անհագօրէն կը զինէ իր «նաւատորմը», աշխարհին կը բացուի որպէս խաղաղասէր, հիւրասէր, ժողովրդավար երկիր (կազմակերպելով մարզական հսկայ միջոցառումներ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաժողովներ, առանց իսկ ամչնալու իր իսկ կողմէ կատարուած բարբարոսութիւններէն. Ջուղայի հայկական գերեզմանաքարերը վկայ)։

Երբ Իսրայէլ, արաբական աշխարհ եւ Իրան մէկ կողմէ, Հիւսիսային Քորէա եւ ԱՄՆ միւս կողմէ, Եւրոպա եւ Մեծն Բրիտանիա այլ ուղղութեամբ, եւ համայն աշխարհը տաք ու պաղ ալիքներու մէջ է այսօր, մենք՝ հայն ու Հայաստանը պէ՛տք է որ թիավարենք մեր նաւակը արթնութեամբ, զգուշութեամբ եւ սառնասրտօրէն, որպէսզի ջուրի երես պահենք մեր երկիրը, Արցախը եւ Սփիւռքը ամբողջ։

Առ այդ, մեր պարտքն է աջակցիլ Հայաստանի այսօրուա՛ն իշխանութիւններուն, այսօրուան նաւավարին, զօրակցելով անոր դուրսէն ու ներսէն, նաեւ յուշելով անոր թերացումները, բացթողումները եւ սխալները։ Հայաստան նաւակը կարիքը ունի ե՛ւ մեր անկեղծ գնահատականներուն ե՛ւ քննադատութիւններուն։

Այսպէ՛ս մեզ դաստիարակեցին մեր մեծերը՝ Փորթուգալեան, Տամատեան, Չօպանեան, Անդրէասեան եւ Գերսամ Ահարոնեան, եւ պիտի՛ շարունակենք նոյն ուղիով։

 

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին