«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Անվտանգութեան հարիւրաւոր աշխատակիցներ Երեքշաբթի փակեցին խորհրդարան տանող կարգ մը ճամբաներ ե՛ւ ինքնաշարժներու ե՛ւ հետիոտններու համար, մինչ ռազմական վեթերանները կը բողոքէին խորհրդարանի մէջ քննարկուող 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծին դէմ:
«Այս խորհրդարանը Լիբանանի ժողովուրդին համար է: … Ինչու անցանք պատերազմի մէջէն: Զիրե՞նք պաշտպանելու համար: Անոնք թալանեցին պետութիւնը»,- լրագրողներուն յայտնեց լիբանանեան բանակի վեթերաններէն մէկը։
«Մեր խնդիրը ոստիկանութեան հետ չէ, քանի որ անոնք նոյնպէս պիտի ունենան նոյն ճակատագիրը, երբ հանգստեան կոչուին»,- ըսաւ այլ վեթերան մը:
Վեթերաններու ղեկավար Մարուն Խրէյշ կոչ ըրած էր վեթերաններուն փորձել կանխել երեսփոխաններուն մուտքը խորհրդարան: Այնուամենայնիւ, Երեքշաբթի առաւօտեան, երբ վեթերանները հաւաքուած էին, ըսաւ որ նման փորձ պիտի չընեն:
Նահատակաց հրապարակին վրայ հաւաքուած ցուցարարներուն միացաւ երեսփոխան Ժան Թալուզեան, որ նոյնպէս վեթերան է, իսկ աւելի ուշ անոնց միացան նաեւ երեսփոխաններ Փաուլա Եագուպեան եւ Իլիաս Հանքաշ, որոնք աջակցութիւն յայտնեցին վեթերաններու պահանջներուն:
Նշենք, որ վեթերանները վերջերս քանի մը անգամ ցոյցեր կազմակերպած էին՝ բողոքելով 2019-ի պիւտճէի նախագիծին մէջ ներառուած խնայողութիւններուն դէմ, որոնք բացասաբար կ’անդրադառնան կենսաթոշակներուն եւ նպաստներուն վրայ:






