Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Նոր Հրատարակութիւններ. Վեր. Ճէյմս Գառնուզեանի «Վերադարձ Դէպի Արարատեան Լեռնաշխարհ եւ Առաջին Հայկական Համագումարը» Գիրքը

«Սփիւռք» ամսաթերթի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած է Վեր. Ճէյմս Գառնուզեանի

«Վերադարձ Դէպի Արարատեան Լեռնաշխարհ եւ Առաջին Հայկական Համագումարը» գիրքը:

Հեղինակի ծնողները եկած են Մուսա Լեռէն ու Մարաշէն է: Ծնած է  Պէյրութի մէջ ուր դժուար մանկութիւն ունեցած է: Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին պատճառով ստիպուած կիսատ թողած է իր ուսումնառութիւնը, սակայն պատերազմի աւարտեն ետք շարունակած է ուսանիլ  եւ զուգահեռ աշխատած է «Զարթօնք»ին մէջ, որպէս գրագիր եւ տպագրիչ: Ապա իր հօր խրատով ուսումնասիրած  է Աստուածաբանութիւնը:

Իր մասին վկայութիւնները կ,ըսեն, թէ Եւրոպայի մէջ, որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայութեան ընթացքին նկատած է, որ  եւրոպացիները գրեթէ ոչինչ գիտեն հայերու մասին և որոշած է գրել «Ժողովուրդ առանց հողի» գիրքը և անոր միջոցաւ փորձած է տեղի ժողովուրդին ծանօթացնել հայ իրականութիւնը: Գառնուզեանի նախաձեռնութեամբ տպագրուած և տարածուած է հայկական մանրանկարչութեանը նուիրուած 20.000է աւելի բացիկներ:

1969ին հիմնած է Հայ Մշակութային Միութիւնը, ապա ճամբորդած է բռնագրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքով և կարճ ֆիլմ մը պատրաստած է «Հայաստան Երկիր Մը Կարմիր Աստղի Տակ» վերնագրով:

1976ին ՝ Պէյրութի մէջ լոյս տեսած է  «Վերադարձ Դէպի Արարատեան Լեռնաշխարհ» գիրքը, որուն մէջ Գառնուզեան ամփոփած  է համահայկական կազմակերպութիւն հիմնելու մասին իր միտքերը, ըստ որուն՝ պէտք է հաւաքուին համայն հայութեան ուժերը՝ Արևմտեան Հայաստանը ազատագրելու համար:  

Պէտք է նշել, որ կարգ մը աղբիւրներ կը շեշտեն, որ Ճէյմս Գառնուզեան դեր ունեցած է Պէյրութի մէջ Հայաստանի Ազատագրության Հայ Գաղտնի Բանակի կազմաւորման աշխատանքին մէջ:

«Վերադարձ Դէպի Արարատեան Լեռնաշխարհ եւ Առաջին Հայկական Համագումարը» տարբեր հորիզոններ բացող՝ օգտաշատ եւ կարեւոր գիրք մըն է, որուն ընթերցումը կը յանձնարարենք մեր սիրելի ընթերցողներուն:

«Զ.»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին