«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Երեքշաբթի երեկոյեան երեսփոխանները կրկին հաւաքուեցան խորհրդարան՝ երկրորդ նիստով մը քննարկելու 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծը, մինչ անվտանգութեան աշխատակիցները զօրացուցին ապահովութեան քայլերը՝ բողոքի ելած վեթերաններուն դէմ։
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան, իր ելոյթին ընթացքին, պիւտճէն ներկայացուց իբրեւ «մէկ քայլ առաջ, որ, սակայն, փոքր է եւ անբաւարար»։
Առաւօտեան նիստը սկսած էր Պըրրիի խօսքով, ըստ որուն, յաջորդող օրերուն, Կառավարութիւնը պիտի հանդիպի 2017-ի հաշիւներու փակման համար, սակայն, երեկոյեան նիստին ան յայտնեց, թէ Կառավարութիւնը չի կրնար հանդիպիլ մինչեւ Խորհրդարանի նիստերուն աւարտը։






