«Սփիւռք» ամսաթերթի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած է Վեր. Ճէյմս Գառնուզեանի
«Վերադարձ Դէպի Արարատեան Լեռնաշխարհ եւ Առաջին Հայկական Համագումարը» գիրքը:
Հեղինակի ծնողները եկած են Մուսա Լեռէն ու Մարաշէն է: Ծնած է Պէյրութի մէջ ուր դժուար մանկութիւն ունեցած է: Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին պատճառով ստիպուած կիսատ թողած է իր ուսումնառութիւնը, սակայն պատերազմի աւարտեն ետք շարունակած է ուսանիլ եւ զուգահեռ աշխատած է «Զարթօնք»ին մէջ, որպէս գրագիր եւ տպագրիչ: Ապա իր հօր խրատով ուսումնասիրած է Աստուածաբանութիւնը:
Իր մասին վկայութիւնները կ,ըսեն, թէ Եւրոպայի մէջ, որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայութեան ընթացքին նկատած է, որ եւրոպացիները գրեթէ ոչինչ գիտեն հայերու մասին և որոշած է գրել «Ժողովուրդ առանց հողի» գիրքը և անոր միջոցաւ փորձած է տեղի ժողովուրդին ծանօթացնել հայ իրականութիւնը: Գառնուզեանի նախաձեռնութեամբ տպագրուած և տարածուած է հայկական մանրանկարչութեանը նուիրուած 20.000է աւելի բացիկներ:
1969ին հիմնած է Հայ Մշակութային Միութիւնը, ապա ճամբորդած է բռնագրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքով և կարճ ֆիլմ մը պատրաստած է «Հայաստան Երկիր Մը Կարմիր Աստղի Տակ» վերնագրով:
1976ին ՝ Պէյրութի մէջ լոյս տեսած է «Վերադարձ Դէպի Արարատեան Լեռնաշխարհ» գիրքը, որուն մէջ Գառնուզեան ամփոփած է համահայկական կազմակերպութիւն հիմնելու մասին իր միտքերը, ըստ որուն՝ պէտք է հաւաքուին համայն հայութեան ուժերը՝ Արևմտեան Հայաստանը ազատագրելու համար:
Պէտք է նշել, որ կարգ մը աղբիւրներ կը շեշտեն, որ Ճէյմս Գառնուզեան դեր ունեցած է Պէյրութի մէջ Հայաստանի Ազատագրության Հայ Գաղտնի Բանակի կազմաւորման աշխատանքին մէջ:
«Վերադարձ Դէպի Արարատեան Լեռնաշխարհ եւ Առաջին Հայկական Համագումարը» տարբեր հորիզոններ բացող՝ օգտաշատ եւ կարեւոր գիրք մըն է, որուն ընթերցումը կը յանձնարարենք մեր սիրելի ընթերցողներուն:
«Զ.»