Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան. Լիբանանը Պէտք Է Խուսափի Տարածաշրջանային Հակամարտութիւններէն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Երէկ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, Իրանի խորհրդարանի նախագահի միջազգային հարցերու խորհրդատուն յայտնեց, որ Լիբանանը պէտք է հեռու մնայ տարածաշրջանի ճգնաժամէն։

«Իրան կը շեշտէ, որ Լիբանանը պէտք է հեռու մնայ տարածաշրջանին մէջ առկայ բոլոր հակամարտութիւններէն եւ մենք կը հաւատանք, որ Լիբանանի անվտանգութիւնը անվտանգութիւն է տարածաշրջանի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար»,- ըսաւ Իրանի խորհրդարանի նախագահի միջազգային հարցերու խորհրդատու Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան։

Պըրրիի գրասենեակի յայտարարութեան համաձայն՝ Ամիր-Ապտոլլահեան ըսաւ, որ Իրանը լիովին աջակցած է Լիբանանի ժողովուրդին, բանակին, կառավարութեան եւ «դիմադրութեան»:

«Իրանը եւ անոր դաշնակիցները թոյլ պիտի չտան, որ սիոնական ​​կառոյցը (Իսրայէլ) եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները խախտեն տարածաշրջանի անվտանգութիւնը»,- աւելցուց ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին