Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Երեւանի Քաղաքապետ Մարութեանը Նախագահին Ներկայացուցած է Երեւանի Զարգացման Ծրագրերը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 17 Յուլիսին այցելած է Երեւանի քաղաքապետարան: Քաղաքապետ Հայկ Մարութեան նախագահին ներկայացուցած է Երեւանի զարգացման ուղղուած ընթացիկ ու յառաջիկայ ծրագրերը: Ինչպէս «Արմէնպրես»-ին տեղեկացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն՝ զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են մայրաքաղաքի զարգացման հեռանկարներուն շուրջ:

Հանդիպման աւարտին՝ նախագահ Արմէն Սարգսեան զրուցած է նաեւ Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեանի հետ: 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին