Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

ԵՄ-ն Յայտարարած է Թուրքիոյ Դէմ Կիրառուելիք Պատժամիջոցներու Մասին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  –Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ իրականացուող հորատման աշխատանքները շարունակելու առնչութեամբ ԵՄ-ն հրապարակած է Թուրքիոյ դէմ իրականացուելիք պատժամիջոցներ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»՝ վկայակոչելով գերմանական «Deutsche Welle»-ն, պատժամիջոցներու որոշումը կայացուած է Պրիւքսէլի մէջ արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի անդամներու կողմէ այն հիմնաւորումով, որ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող հորատման աշխատանքները կը հակասեն միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն:

ԵՄ արտաքին գործերու նախարարներու նպատակն է պատժամիջոցներու միջոցով հասնիլ անոր, որ թրքական կողմը դադարեցնէ Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ իրականացուող հորատման աշխատանքները:

Որոշման մէջ նշուած է. «Ցաւալի է, որ հակառակ կատարուած բազմաթիւ կոչերուն, Թուրքիան շարունակեց հորատման աշխատանքները»:

Պատժամիջոցներով կը նախատեսուի հետեւեալը՝ Թուրքիան 2020 թուականին ԵՄ-էն ֆինանսական օժանդակութիւն պիտի ստանայ, սակայն պատժամիջոցներու արդիւնքով այդ օժանդակութիւնը կը նուազեցուի 146 միլիոն եւրոյով: Տնտեսական եւ առեւտրային յարաբերութիւններու վերաբերեալ քաղաքական երկխօսութիւնները պիտի չեղարկուին: Օդագնացութեան պայմանագրերու կնքման բանակցութիւնները պիտի ընդհատուին: Եւրոպական ներդրումային դրամատունէն Թուրքիային տրուելիք վարկային օժանդակութիւնը պիտի վերանայուի:  

Որոշման մէջ նշուած է նաեւ, որ եթէ Թուրքիան, Կիպրոսի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան իրաւունքները խախտելով, հորատման աշխատանքները շարունակէ, ապա յաւելեալ պատժամիջոցներ պիտի կիրառուին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին