Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

ԱՄՆ-ն Սահմանափակած Է Նիւ Եորքի Մէջ Իրանցի Դիւանագէտներու Տեղաշարժման Հնարաւորութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Միացեալ Նահանգները զգալիօրէն սահմանափակած Է իրանցի դիւանագէտներուն եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն տեղաշարժման հնարաւորութիւնները, որոնք պաշտօնական գործուղումներու մէջ են Նիւ Եորքի մէջ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, 17 Յուլիսին այդ մասին հաղորդած Է Reuters գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով ամերիկեան դիւանագիտական յայտարարութիւնը, որ տրուած Է Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Իրանի ներկայացուչութիւն: 
Առկայ տեղեկատւութեամբ՝ իրանցի դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն եւ անոնց ընտանիքներուն վրայ դրուած են նոյնպիսի սահմանփակումներ, ինչպէս սահմանուած են նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամէտ Ճաւատ Զարիֆի նկատմամբ, որ 14 Յուլիսին Նիւ Եորք ժամանած է ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի տարեկան նստաշրջանին մասնակցելու համար: 
Պատճառները, ըստ որոնց իրանցի դիւանգէտներուն նկատմամբ սահմանուած են նման սահմանափակիչ միջոցներ, ամերիկեան կողմը չէ պարզաբանած, հաղորդած Է ԹԱՍՍ-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին