Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Աղետի գոտու բնակարանային խնդիրների լուծման նպատակով կառավարությունը կհատկացնի 3 մլրդ դրամ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  –Աղէտի Գօտիի Բնակարանային Խնդիրներու Լուծման Նպատակով Կառավարութիւնը Պիտի Յատկացնէ 3 Միլիառ Դրամ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են 1988 թուականի երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ կառավարութեան ընելիքները:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, Նիկոլ Փաշինեան յիշեցուցած է, որ նախորդ տարուայ Դեկտեմբեր 7-ին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած կառավարութեան արտագնայ նիստին որոշուած էր ստեղծել աշխատանքային խումբ, որուն հիմնական գործառոյթը պէտք ըլլար յստակեցնել երկրաշարժի գօտիին մէջ առկայ խնդիրներն ու ծաւալները:

Վարչապետը տեղեկացուցած է, որ կառավարութիւնը միջնաժամկէտ ծախսային ծրագիրով կը նախատեսէ 3 միլիառ դրամ յատկացնել՝ լուծելու բնակարանային խնդիրները այն քաղաքացիներուն, որոնց նկատմամբ պետութեան պարտաւորութիւնը յստակ, տէ իւրէ արձանագրուած է: «Մեր այսօրուայ ընթացիկ ընելիքը հետեւեալն է. յստակ պատկերացնել աշխատանքի, խնդիրի ծաւալը, արձանագրել լուծման ուղիները եւ հարցը լուծել այնպէս, որ մասնաւորապէս, Գիւմրին եւ այն միւս բնակավայրերը, որոնք նմանատիպ իրավիճակ ունին, քաղաքաշինական փակուղիէն դուրս ելլեն»,- ընդգծած է վարչապետը:

Խորհրդակցութեան ընթացքին ներկայացուած է ամփոփուած տուեալներուն հիման վրայ մշակուած համապատասխան առաջարկներու փաթեթ՝ ոչ հիմնական շինութիւններուն մէջ բնակող ընտանիքներու վերաբնակեցման՝ բնակարանային պայմաններու բարելաւման, տարածքները ոչ հիմնական շինութիւններէն ազատելու եւ քաղաքաշինական փաստաթուղթերու պահանջներուն համապատասխանող շինութիւնները օրինականացնելու վերաբերեալ: Տեղի ունեցած է առաջարկներու փաթեթի համապարփակ քննարկում, ներկայացուած են տարբեր դիտարկումներ եւ կարծիքներ։

Վարչապետը յանձնարարած է սեղմ ժամկէտներու մէջ վերջնական տեսքի բերել առաջարկներու փաթեթն ու ներկայացնել կառավարութեան:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին