«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Բաբգէն Ներսիսեան (18 Յուլիս, 1917, Թիֆլիս)-(14 Փետրուար, 1986, Երեւան) Հայ թատրոնի անուանի դերասան, ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ։
Թիֆլիսի մէջ ծնած, Պ. Ադամեանի անուան հայկական թատրոնի մէջ իր դերասանական կեանքի ուղին սկսած տաղանդաւոր դերասանը իր ստեղծագործական կեանքը շարունակած է Երեւանի Գ. Սունդուկեանի անուան թատրոնէն ներս՝ մինչեւ իր մահկանացուն կնքելը։
Բաբգէն Ներսիսեանի ծնողները՝ Պօղոսը եւ Եղիսաբէթը, եղած են մշեցիներ, յետագային հաստատուած են Թիֆլիսի մէջ, ուր 1917 թուականին ծնած է Բաբգէնը։ 17 տարեկանին ընդունուած է Թիֆլիսի Պատանի հանդիսատեսի թատրոն։
Յետագային Վարդան Աճէմեանը զինք հրաւիրած է Հայաստան։ 1955 թուականին Թիֆլիսէն տեղափոխուած է Երեւանի Գ. Սունդուկեանի անուան թատրոն։
1957 թուականէն նկարահանուած է ֆիլմերու մէջ. Որոնցմէ յայտնի են՝ Քաոս, Սարոյեան եղբայրներ, Սայաթ-Նովա եւ այլն
Բաբգէն Ներսիսեանի որդին՝ Տիգրան Ներսիսեանը, նոյնպէս դերասան է։
Թատրոնէն ներս իր խաղացած բազում կերպարներէն նշենք՝ Համբօ՝ «Գիքոր», Քաջ Նազար՝ «Քաջ Նազար», Պեպօ՝ «Պեպօ», Ալեքսանդր՝ «Իմ սիրտը լեռներում է», Արա Գեղեցիկ՝ «Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ»։
Բաբգէն Ներսիսեանի ծննդեան 100-ամեակի առիթով 2018 թուականին Երեւանի Աբովեան 21 հասցէին բացուած է Բաբգէն Ներսիսեանի յուշասիւնը,
«Մեծանուն հայեր» շարքով շրջանառութեան մէջ դրուած է Բաբգէն Ներսիսեանի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած նամականիշը: