Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Մեկնարկած է ԱԺ Նախագահ Արարատ Միրզոյեանի Աշխատանքային Այցը ԱՄՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  –Աշխատանքային այցով ԱՄՆ գտնուող Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը Յուլիս 15-ին «Atlantic Council» կեդրոնի մէջ հանդէս եկած է ելոյթով՝ նուիրուած Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն եւ զարգացման հեռանկարներուն: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն, ելոյթէն ետք ներկայ ԱՄՆ պետական եւ փորձագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ եղած է շահագրգիռ քննարկում Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, Հայաստանի մէջ սպասուող դատական համակարգի բարեփոխումներու, հայ-ամերիկեան երկկողմ օրակարգի զարգացման եւ այլ հարցերու շուրջ:

ԱՄՆ-ի Հայաստանի դեսպանատան մէջ Արարատ Միրզոյեանը ընդունած է Միջազգային հանրապետական հիմնարկի փոխնախագահ Սքոթ Մեսքիթը: Կողմերը քննարկած են Ազգային ժողովի կարողութիւններու զարգացման ուղղուած համատեղ ծրագրերու օրակարգը:

Օրուայ աւարտին Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպած է Ուաշինկթընի մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ եւ մտքեր փոխանակած Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներու եւ խորհրդարանի աշխատանքներու վերաբերեալ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին