«Զարթօնք», Պէյրութ – Խորհրդարանը երկրորդ օր մը յատկացուց 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման, որուն ընթացքին, բազմաթիւ օրէնսդիրներ քննադատեցին պիւտճէի խնայողութիւններուն միջոցները:
Երեսփոխանները նախատեսած են հանդիպիլ Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի առաւօտեան ու երեկոյեան նիստերով` քննարկելու համար փաստաթուղթը:
Փաղանգաւոր կուսակցութենէն երեսփոխան Սամի Ժըմայէլ, ելոյթ ունենալով Չորեքշաբթի երեկոյեան կայացած նիստին ընթացքին ըսաւ, որ ինքը եւ իր կուսակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկեն պիւտճէին, որովհետեւ կը կարծեն, թէ անիկա հակասական է եւ ճշգրիտ կերպով չի վերաբերիր երկրի ճգնաժամերուն։
Պիւտճէին վերաբերեալ այլ բանավէճ մը վերջերս կեդրոնացած է 2017-ի հաշիւներու փակման վրայ, որ ըստ Սահմանադրութեան պէտք է հաստատուի մինչեւ 2019-թուականի պիւտճէի հաստատումը:
Նախագահ Միշել Աուն՝ պետական նախարար Սելիմ Ժրէյսաթիի միջոցով՝ Երեքշաբթի ներկայացուց առաջարկ մը՝ եւս վեց ամիսով յետաձգելու հաշիւներու փակումը, արտօնելով Հաշուեքննիչ դատարանին հետեւելու նախորդ տարիներու հաշուետուութիւններու փակման, որոնք մնացած են անփոփոխ:






