Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Իրանի ԱԳ Նախարարը Կը ԿարծԷ, որ Թրամփ Պատերազմ Չի Ցանկար Հանրապետութեան Դէմ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  –Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ճաւատ Զարիֆի կարծիքով ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփ չի ցանկար պատերազմ սկսիլ Թեհրանի դէմ, սակայն Միացեալ Նահանգներու ղեկավարի շրջապատի անձինք կը ցանկան: Այս կարծիքը Իրանի ԱԳ նախարարութեան ղեկավարը յայտնած Է NBC հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին, որ հրապարակուած Է Յուլիս 15-ին, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»:

«Ես չեմ կարծեր, թէ նախագահ Թրամփ պատերազմ կը ցանկայ, բայց կ’ենթադրեմ, որ անոր շրջապատը դէմ չ’ըլլար»,- ըսած Է Զարիֆ: «Կը կարծեմ, որ նախագահ Թրամփ հրապարակայնօրէն յայտարարած Է, որ իրենք կը ձգտին հասնելու անոր, բայց չեմ կարծեր, թէ կը յաջողին, քանի որ վերջին հաշուով պիտի գերակշռէ ողջամտութիւնը»,- աւելցուցած Է ան:

Նախարարը արձանագրած Է, որ «Իրանը խոշոր եւ հպարտ պետութիւն Է»: «Մենք թեթեւամտօրէն չենք վերաբերիր ռազմական հարուածին»,- ընդգծած Է Զարիֆ: Զարիֆին նաեւ տրուած Է հարց այն մասին, թէ ինչու, իր կարծիքով, Թրամփը հրաժարած է Յունիսի վերջին Իրանին հարուած հասցնելու մտադրութիւններէն: «Կը կարծեմ, գերակշռած Է ողջամտութիւնը: Մարդիկ հասկցած են, որ անիկա սահմանափակ գործողութիւն չ’ըլլար»,- ըսած Է նախարարը: Զարիֆ արձանագրած Է, որ ամերիկեան պատժական միջոցներու պատճառով կը տառապին Իրանի քաղաքացիները, ներառեալ «մարդիկ, որոնք դեղորայքի, յատուկ խնամքի կարիք ունին», հաղորդած Է ԹԱՍՍ-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին