«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Միացեալ Նահանգները զգալիօրէն սահմանափակած Է իրանցի դիւանագէտներուն եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն տեղաշարժման հնարաւորութիւնները, որոնք պաշտօնական գործուղումներու մէջ են Նիւ Եորքի մէջ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, 17 Յուլիսին այդ մասին հաղորդած Է Reuters գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով ամերիկեան դիւանագիտական յայտարարութիւնը, որ տրուած Է Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Իրանի ներկայացուչութիւն:
Առկայ տեղեկատւութեամբ՝ իրանցի դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն եւ անոնց ընտանիքներուն վրայ դրուած են նոյնպիսի սահմանփակումներ, ինչպէս սահմանուած են նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամէտ Ճաւատ Զարիֆի նկատմամբ, որ 14 Յուլիսին Նիւ Եորք ժամանած է ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի տարեկան նստաշրջանին մասնակցելու համար:
Պատճառները, ըստ որոնց իրանցի դիւանգէտներուն նկատմամբ սահմանուած են նման սահմանափակիչ միջոցներ, ամերիկեան կողմը չէ պարզաբանած, հաղորդած Է ԹԱՍՍ-ը: