Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

320 գնացքներու երթեր չեղարկուած են Սպանիոյ Renfe երկաթուղային գործարկուի աշխատողներու՝ Յուլիս 15-ին սկսած գործադուլի պատճառով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Շուրջ 320 գնացքներու երթեր չեղարկուած են Սպանիոյ Renfe երկաթուղային գործարկուի աշխատողներու՝ Յուլիս 15-ին սկսած գործադուլի պատճառով: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», այդ մասին հաղորդած Է El Pais թերթը:

Գործադուլը, որ պէտք Է աւարտի տեղական ժամանակով 23:00-ին (Երեւանի ժամանակով 01:00-ին), կազմակերպած է Աշխատանքային յանձնաժողովներու արհմիութենական համադաշնութիւնը: Գործադուլը կ’անդրադառնայ մեծ արագութեան գնացքներու, հեռընթաց եւ տարածաշրջանային գնացքներու երթեւեկութեան վրայ: Սպանիոյ իշխանութիւնները երկաթուղային ծառայութիւններուն կը պարտաւորեցնեն, հակառակ գործադուլին, պահպանելու ծառայութիւններու նուազագոյն մակարդակը: Renfe-ի աշխատակիցները կը պահանջեն աշխատատեղերու ստեղծում, աշխատանքային օրուայ կրճատում եւ աշխատավարձի բարձրացում: Այն ուղեւորները, որոնց ծրագիրները խախտուած են գործադուլի պատճառով, անոնց կ’առաջարկուի փոխել կամ վերադարձնել տոմսերը, հաղորդած Է ԹԱՍՍ-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին