«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Սալման թագաւորը Լիբանանի երեք նախկին վարչապետներուն յայտնեց, թէ Սէուտական Արաբիան շահագրգռուած է Լիբանանի անվտանգութեամբ եւ կայունութեամբ:
Նախկին վարչապետեր Նեժիպ Միքաթի, Ֆուատ Սինիորա եւ Թամամ Սալամ Երկուշաբթի օր, Ժետտէի մէջ, հանդիպում ունեցան Սալմանի հետ՝ քննարկելով Սէուտական Արաբիա-Լիբանան կապը եւ վերջին իրադարձութիւնները։
Հանդիպման ընթացքին երեք վարչապետները թագաւորութեան օգնութիւնը խնդրեցին ի նպաստ Լիբանանի կառավարութեան, որուն ի պատասխան թագաւորը յայտնեց, թէ Լիբանանի համար իրենց թագաւորութիւնը պատրաստ է ամէն ինչի։
Նախկին վարչապետերը, այնուհետեւ, հանդիպում ունեցան նաեւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ասսաֆի հետ, որուն հետ քննարկեցին երկու երկիրներուն յարաբերութեան կարեւորութիւնը։






