Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Պասիլ. Ազգային Ազատ Հոսանքը Պիտի Քուէարկէ Պիւտճէի Նախագիծի Օգտին

«Զարթօնք», Պէյրութ – Թէեւ 2019-ի պիւտճէի նախագիծը ամբողջութեամբ չի գոհացներ Ազգային Ազատ հոսանքը, այնուամենայնիւ, հոսանքի երեսփոխանները պիտի չխոչընդոտեն Խորհրդարանի կողմէ անոր քուէարկութիւնը։ Այս մասին Երկուշաբթի յայտնեց հոսանքի առաջնորդ՝ Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ։

Մամուլի ասուլիսի մը ընթացքին ան ըսաւ, որ պիւտճէն պիտի սկսի բարեփոխումներով, այնպէս, ինչպէս խոստացած է կառավարութիւնը։

Նշենք, որ Լիբանանը ճնշման կ՝ենթարկուի անցեալ տարուան «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովին կողմէ առաջարկուող հիմնական տնտեսական եւ ելեւմտական բարեփոխումներու իրականացման համար: Պետութիւնը այժմ ունի 86 միլիառ ԱՄՆ տոլարի պետական ​​պարտք, որ համարժէք է համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) 150%-ին:

Խորհրդաժողովին Լիբանանը խոստացած է զգալիօրէն նուազեցնել պիւտճէն, որ 2018-ին հասած է ՀՆԱ-ի 11.1 տոկոսի։

Պիւտճէի նախագիծը քննարկելու եւ հաստատելու համար՝ ընդհանուր ժողովը կը նախատեսէ հանդիպիլ այսօր, վաղը եւ Հինգշաբթի։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին