«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յուլիս 14-ին տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին, ՀՀ Կառավարութիւնը քննարկած է Հայաստանի մէջ հողային բարեփոխման իրականացման վերաբերող հարցեր:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Արտակ Քամալեան ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ գիւղատնտեսական նշանակութեան հողերու մշակման ոլորտէն ներս առկայ իրավիճակի վերաբերեալ իրականացուած վերլուծութիւնը: Ան նշած է, որ համաձայն ուսումնասիրութիւններու՝ Հայաստանի մէջ գիւղացիական տնտեսութիւն վարողներուն կողմէ գիւղատնտեսական նշանակութեան վարելահողերու որոշակի ծաւալ չի մշակուիր՝ տարբեր պատճառներով (հողակտորներու մասնատուածութիւն, ֆինանսական խնդիրներ, ոռոգման ջուրի պակաս, ցած եկամտաբերութիւն եւ այլն), եւ բարեփոխման ծիրէն ներս իրականացուելիք միջոցառումները միտուած պիտի ըլլան գիւղական նշանակութեան հողերու օգտագործման արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ հողերու շուկայի զարգացման:
Վարչապետը տնտեսութեան նախարարի տեղակալին յանձնարարած է՝ ամփոփել քննարկման ընթացքին հնչած առաջարկները եւ լրամշակել բարեփոխման հայեցակարգը։






