Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Փարիզի Ցուցարարները Սկսած Են Պատնէշներ Կառուցել Ելիսէյեան Դաշտերուն Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  –Ֆրանսայի Ազգային տօնին՝ Պասթիլի գրաւման նուիրուած զինուորական շքերթէն ետք Փարիզի մէջ ոստիկանութեան հետ սկսած  ընդհարումները տեղափոխուած են Ելիսէյեան դաշտերու շրջան, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ-Նովոսթի»-ի թղթակիցը դէպքերու վայրէն։

Ցուցարարները Ֆրանսայի մայրաքաղաքի գլխաւոր փողոց կը բերեն երկաթէ փակոցներ, ու ձգած մայթերուն վրայ։ Ոստիկանութեան յատուկ նշանակութեան ծառայողները կը փորձեն  հանել փակոցները։

Ոստիկանութեան հետ բախումները տեղի կ’ունենան Ելիսէյեան դաշտերու տարբեր տեղերու մէջ, փողոցը յաճախ կը ծածկէ ծխագլաններու ծուխը, իսկ քամին արցունքաբեր կազ կը բերէ։

BFMTV-ի տեղեկատուութեան համաձայն, ոստիկանութեան տուեալներով՝ Յուլիս 14-ի առաջին կիսուն ձերբակալուած է արդէն 152 մարդ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին