Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Տեսանկիւն. Երբ Վարորդը Տկար Է Իսկ Ղեկավարը Անգութ

Երէկ մինչ նստած կը մտածէի ի՞նչ գրեմ սիւնակիս համար, միտքս հետեւեալ պատմութիւնը եկաւ սիրելի ընթերցող, որ կ՛ուզեմ այստեղ կիսել քեզ հետ.

Երիտասարդ ուսանող մը թաքսի նստած իր համալսարանը ուղղուած պահուն, ճամբուն վրայ կեցած յաղթանդամ մարդ մը ինքնաշարժը կը կանգնեցնէ: Ան վայրագութեամբ դուռը կը բանայ, մեր երիտասարդին վիզէն կը փռնէ ու զինք ինքնաշարժէն դուրս կը նետէ: Վարորդը ծպտուն չի հաներ: Ուսանողին փոխարէն հսկայ մարդը ինք կը նստի ու վարորդին կը հրահանգէ արագ վարել ինքնաշարժը:

Երիտասարդը շշմած, ճամբան պահ մը կը կենայ, ապա այլ թաքսի մը կանգնեցնելով կը շարունակէ իր ճամբան:

Բաւական յառաջանալէ ետք կը նշմարէն, որ ճամբան մեծ եւ արիւնալի ինքնաշարժի վթար մը (accident) պատահած է, որուն զոհը առաջին թաքսին է, որ գլխիվար շրջած է (ըստ երեւոյթին արագութեան պատճառով): Ինքնաշարժին մէջ տեղն ու տեղը մահացած են հսկայ մարդը, վարորդը եւ ետեւը նստած երկու այլ ճամբորդներ, որոնց միակ մեղքը եղած է՝ գտնուիլ ինքնաշարժի մը մէջ, որուն վարորդը վախկոտ եւ տկարոգի է, իսկ անոր ցուցմունք տուող ղեկավար առաջնորդը՝ անգութ եւ ամբարտաւան:

Այս պատմուածքը քիչ մը չի՞ նմանիր հայկական մեր իրավիճակին, սիրելի’ ընթերցող: Հայ ժողովուրդը նստած չէ՞ սուրացող ինքնաշարժի մը մէջ , որուն ղեկին գլուխը անցած են կամ զայն իրենց հրահանգներով կ՛առաջնորդեն՝ երբեմն անկար եւ անպատասխանատու մարդիկ:

Կը մնայ ափսոսանքով ու մտահոգութեամբ նշել, որ եթէ մեր ժողովուրդը շարունակէ անզօր նստած մնալ նման ինքնաշարժի մը մէջ՝ վստահելով նմանատիպ վարորդներու եւ ղեկավարներու, ապա մեր ճակատագիրը պիտի նմանի նշեալ պատմուածքին մէջի խեղճ ուղեւորներուն եւ մենք ալ օր մը յանկարծ պիտի յայտնուինք անդունդին մէջ եւ մեր մասին պատմող պիտի չմնայ…:

Այս պատմուածքով տարուած կը ներես սիրելի ընթերցող, որ գրելիքս մոռցայ…: Յաջորդին կը գրեմ:

Բարի լոյս քեզ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին