Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Վեթերանները Ծրագրած Են Արգելափակել Երեսփոխաններու Մուտքը Խորհրդարան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  –Ազգային վեթերաններու կազմակերպութեան ղեկավար Մարուն Խրէյշ կոչ ըրած է թոշակառու զինծառայողներուն Երեքշաբթի արգելափակելու խորհրդարանի մուտքը` իբրեւ բողոք 2019-ի պետական պ​իւտճէի նախագիծին դէմ:

Խորհրդարանի ընդհանուր ժողովը Երեքշաբթի պիտի հանդիպի առաջին անգամ ըլլալով՝ քննարկելու պիւտճէն: Փաստաթուղթը կ՝ընդգրկէ խստացման քայլեր, ինչպէս՝ վեթերաններու ծառայութեան վերջնական շահերու կրճատումը:

Բողոքի ժամանակ վեթերանները նպատակ ունին խանգարելու պիւտճէի ընդունումը, որ «պիւտճէի պակասուրդը լրացնելու համար ձեռքերը կը դնէ աղքատներու գրպաններուն մէջ՝ փոխանակ կանգնեցնէ աւելորդ վատնումները եւ պետական ​​միջոցներու գողութիւնը»,- ըսաւ Խրէյշ:

Վեթերանները, ըստ Խրէյշի, որոշած են հաւաքուիլ Երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Նահատակաց հրապարակին եւ Ռիատ Սոլհի վրայ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Երեքշաբթի օրուան համար հրաւիրած է առաւօտեան եւ երեկոյեան խորհրդարանական նիստեր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին