Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

ՀՀ եւ ԱՀ ԱԺ Պետական-Իրաւական Հարցերու Յանձնաժողովները Քննարկած են ԱՀ Նոր Ընտրական Օրէնսգիրքի Նախագիծը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  –  Յուլիս 14-ին, Արցախի խորհրդարանի մէջ տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստը, զոր վարած են յանձնաժողովներու նախագահներ Յովիկ Ջիւանեանն ու Վլատիմիր Վարդանեանը: Համատեղ նիստի օրակարգին մէջ ընդգրկուած էր մէկ հարց՝ Արցախի Հանրապետութեան Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծի քննարկումը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինը, բանալով նիստը՝ ԱՀ ԱԺ պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Յովիկ Ջիւանեան ողջունած է համատեղ նիստի կազմակերպումը՝ ընդգծելով երկրի համար կարեւոր իրաւաքաղաքական փաստաթուղթի՝ Ընտրական օրէնսգիրքի շուրջ տարբեր ձեւաչափերով կազմակերպուած քննարկումներու անհրաժեշտութիւնը:

ՀՀ ԱԺ պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեան բացման խօսքին մէջ կարեւորած է հայկական երկու հանրապետութիւններու խորհրդարաններուն միջեւ գործնական կապերու նշանակութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած՝ իրականացնելու արդիւնաւէտ քննարկումներ Ընտրական օրէնսգիրքին շուրջ:

ԱՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան ողջունած է երկու յանձնաժողովներուն համատեղ նիստը՝ ընդգծելով, որ ասով գործնականօրէն կը դրսեւորուի խորհրդարաններուն միջեւ համագործակցութիւնը, որ փոխադարձ օգտակար է օրէնսդրական փորձի փոխանակման տեսնակիւնէն: Անդրադառնալով Ընտրական օրէնսգիրքին՝ խորհրդարանի նախագահը նշած է, որ նախագիծի շուրջ քննարկումները կազմակերպուած են՝ ապահովելով լայն մասնակցութիւն ինչպէս Արցախի արտախորհրդարանական ուժերուն, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական հաստատութիւններուն եւ փորձագիտական համայնքի ներկայացուցիչներուն:

Ներկայացնելով ԱՀ Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծը՝ ԱՀ արդարադատութեան նախարար Արարտ Դանիէլեան անդրադարձած է նաեւ խմբակցութիւններուն կողմէն ներկայացուած առաջարկներուն եւ պատասխանած երկու խորհրդարաններու պատգամաւորներուն առաջադրած հարցերուն:

Համատեղ նիստի արդիւնքները ամփոփուած են յանձնժողովներու նախագահներ Յովիկ Ջիւանեանի եւ Վլատիմիր Վարդանեանի ճեպազրոյցի ընթացքին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին