«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ազգային վեթերաններու կազմակերպութեան ղեկավար Մարուն Խրէյշ կոչ ըրած է թոշակառու զինծառայողներուն Երեքշաբթի արգելափակելու խորհրդարանի մուտքը` իբրեւ բողոք 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծին դէմ:
Խորհրդարանի ընդհանուր ժողովը Երեքշաբթի պիտի հանդիպի առաջին անգամ ըլլալով՝ քննարկելու պիւտճէն: Փաստաթուղթը կ՝ընդգրկէ խստացման քայլեր, ինչպէս՝ վեթերաններու ծառայութեան վերջնական շահերու կրճատումը:
Բողոքի ժամանակ վեթերանները նպատակ ունին խանգարելու պիւտճէի ընդունումը, որ «պիւտճէի պակասուրդը լրացնելու համար ձեռքերը կը դնէ աղքատներու գրպաններուն մէջ՝ փոխանակ կանգնեցնէ աւելորդ վատնումները եւ պետական միջոցներու գողութիւնը»,- ըսաւ Խրէյշ:
Վեթերանները, ըստ Խրէյշի, որոշած են հաւաքուիլ Երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Նահատակաց հրապարակին եւ Ռիատ Սոլհի վրայ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Երեքշաբթի օրուան համար հրաւիրած է առաւօտեան եւ երեկոյեան խորհրդարանական նիստեր:






