Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

ՀՀ Կառավարութիւնը Քննարկած է Հողային Բարեփոխումներուն Վերաբերող Հարցեր

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  – Յուլիս 14-ին տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին, ՀՀ Կառավարութիւնը քննարկած է Հայաստանի մէջ հողային բարեփոխման իրականացման վերաբերող հարցեր:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Արտակ Քամալեան ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ գիւղատնտեսական նշանակութեան հողերու մշակման ոլորտէն ներս առկայ իրավիճակի վերաբերեալ իրականացուած վերլուծութիւնը: Ան նշած է, որ համաձայն ուսումնասիրութիւններու՝ Հայաստանի մէջ գիւղացիական տնտեսութիւն վարողներուն կողմէ գիւղատնտեսական նշանակութեան վարելահողերու որոշակի ծաւալ չի մշակուիր՝ տարբեր պատճառներով (հողակտորներու մասնատուածութիւն, ֆինանսական խնդիրներ, ոռոգման ջուրի պակաս, ցած եկամտաբերութիւն եւ այլն), եւ բարեփոխման ծիրէն ներս իրականացուելիք միջոցառումները միտուած պիտի ըլլան գիւղական նշանակութեան հողերու օգտագործման արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ հողերու շուկայի զարգացման:

Վարչապետը տնտեսութեան նախարարի տեղակալին յանձնարարած է՝ ամփոփել քննարկման ընթացքին հնչած առաջարկները եւ լրամշակել բարեփոխման հայեցակարգը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին