Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

ՀՀ-ի ու Ֆրանսայի Յարաբերութիւնները Արտօնեալ են. Նախագահ Սարգսեան Շնոհաւորած է Էմանուէլ Մաքրոնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  –ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ Յղած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային տօնին առիթով:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, ուղերձի մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է. «Ուրախութեամբ կը փաստեմ, որ Հայաստանի ու Ֆրանսայի միջեւ դարաւոր բարեկամական կապերը մեզի այսօր հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն մեր երկիրներու միջեւ ամրապնդել սերտ եւ իրաւամբ արտօնեալ փոխյարաբերութիւններ, երկկողմ եւ բազմակողմ համագործակցութիւն՝ քաղաքական,տնտեսական, գիտական, մշակութային եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ բնագաւառներէն ներս:

Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ աշխոյժ են կապերը բոլոր մակարդակներու վրայ՝ կառավարութիւններու, խորհրդարաններու, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ, բնականաբար, քաղաքացիներու միջեւ: Այդ կապերը ամուր խարսխուած են փոխըմբռնման, ֆրանքոֆոնիայի ընտանիքի մէջ իր հաստատուն տեղը զբաղեցնելուն ուղղուած Հայաստանի վճռականութեան, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքի, Ֆրանսայի՝ Հայաստանի հանդէպ ունեցած անկեղծ նուիրումի վրայ:

Կը ցանկամ կրկին յայտնել մեր երախտագիտութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու եւ մասնաւորապէս Հայոց ցեղասպանութեան դէմ պայքարի հարցով համամարդկային արժէքներուն հաւատարիմ մնալու Ֆրանսայի պետութեան եւ անձամբ Ձեր յանձնառութեան համար»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին