«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յուլիս 14-ին, Արցախի խորհրդարանի մէջ տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստը, զոր վարած են յանձնաժողովներու նախագահներ Յովիկ Ջիւանեանն ու Վլատիմիր Վարդանեանը: Համատեղ նիստի օրակարգին մէջ ընդգրկուած էր մէկ հարց՝ Արցախի Հանրապետութեան Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծի քննարկումը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինը, բանալով նիստը՝ ԱՀ ԱԺ պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Յովիկ Ջիւանեան ողջունած է համատեղ նիստի կազմակերպումը՝ ընդգծելով երկրի համար կարեւոր իրաւաքաղաքական փաստաթուղթի՝ Ընտրական օրէնսգիրքի շուրջ տարբեր ձեւաչափերով կազմակերպուած քննարկումներու անհրաժեշտութիւնը:
ՀՀ ԱԺ պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեան բացման խօսքին մէջ կարեւորած է հայկական երկու հանրապետութիւններու խորհրդարաններուն միջեւ գործնական կապերու նշանակութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած՝ իրականացնելու արդիւնաւէտ քննարկումներ Ընտրական օրէնսգիրքին շուրջ:
ԱՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան ողջունած է երկու յանձնաժողովներուն համատեղ նիստը՝ ընդգծելով, որ ասով գործնականօրէն կը դրսեւորուի խորհրդարաններուն միջեւ համագործակցութիւնը, որ փոխադարձ օգտակար է օրէնսդրական փորձի փոխանակման տեսնակիւնէն: Անդրադառնալով Ընտրական օրէնսգիրքին՝ խորհրդարանի նախագահը նշած է, որ նախագիծի շուրջ քննարկումները կազմակերպուած են՝ ապահովելով լայն մասնակցութիւն ինչպէս Արցախի արտախորհրդարանական ուժերուն, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական հաստատութիւններուն եւ փորձագիտական համայնքի ներկայացուցիչներուն:
Ներկայացնելով ԱՀ Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծը՝ ԱՀ արդարադատութեան նախարար Արարտ Դանիէլեան անդրադարձած է նաեւ խմբակցութիւններուն կողմէն ներկայացուած առաջարկներուն եւ պատասխանած երկու խորհրդարաններու պատգամաւորներուն առաջադրած հարցերուն:
Համատեղ նիստի արդիւնքները ամփոփուած են յանձնժողովներու նախագահներ Յովիկ Ջիւանեանի եւ Վլատիմիր Վարդանեանի ճեպազրոյցի ընթացքին:






