Զարթօնք Հայրենիքի Մէջ – 35 –
ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Յուլիս 4-6-ը Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ․ միաձուլում ի փառս առողջութեան» կարգախօսով 5-րդ միջազգային բժշկական համագումարը, որուն նպատակն է Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ կապերուն ամրապնդումը առողջապահութեան ոլորտէն ներս։ Համագումարի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Ալ. Սպենդարեանի անուան Օփերայի եւ պալէի թատրոնէն ներս։ Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով համագումարի մեկնարկը տրուեցաւ ՀՀ երկրորդ մեծ քաղաք Գիւմրիէն, այնուհետեւ տեղափոխուեցաւ Արցախ, ապա Երեւան։
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի գործադիր տնօրէն Արմէն Չարչեանը, Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, գիտականներ, միջազգային անուանի բժիշկներ, Հայաստանի առաջնակարգ բժշկական կեդրոններու, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ այլք։
Ի դէպ՝ Հայաստանի մէջ առաջին միջազգային բժշկական համագումարը տեղի ունեցած է 2003 թուականին, ապա 4 տարին մէկ բժշկական հանրութիւնը հաւաքուած է մէկ յարկի տակ, համագումարի բացման արարողութեան ժամանակ յայտարարեց ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան։ Անոր խօսքով՝ բաւական կարեւոր է Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ կապերուն ամրապնդումը այս ոլորտէն ներս, քանի որ վերջին նորարարութիւններու եւ գիտարուեստներու փոխանակումը հնարաւոր կը դառնայ նման միջոցառումներու շնորհիւ ու ժամանակ։
Արսէն Թորոսեան վստահութիւն յայտնեց, որ պիտի յաջողին այսքան մեծ ներուժը նպատակաուղղել Հայաստանի ու Արցախի առողջապահութեան համակարգի ներդաշնակ ու բազմակողմանի զարգացման ուղղուած յստակ ծրագիրներու իրականացման։
«Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի գործադիր տնօրէն Արմէն Չարչեանի խօսքով՝ բոլորս պէտք է համախմբուած ըլլանք ու աշխատինք՝ ի փառս Հայաստանի առողջապահութեան, պէտք է ձեւաւորել առաջարկներու փաթեթներ ու զայն ներկայացնել առողջապահութեան նախարարութեան՝ յետագային կիրառելու յոյսով։ Համագումարի նպատակն է առողջապահութեան ոլորտէն ներս Հայաստանի ու դուրսի փորձի փոխանակման շնորհիւ կատարել բարեփոխումներ, առաւել տարածուած հիւանդութիւնները հասցնել նուազագոյն մակարդակի։ Համագումարին ներկայ բժիշկներու գնահատականով՝ Հայաստանի մէջ բժշկական ոլորտը բաւական զարգացած է։
Նման լայնածաւալ համագումարը հնարաւորութիւն կու տայ աշխարհի հայ բժիշկներուն համախմբուիլ եւ իրենց փորձն ու գիտելիքները ծառայեցնել ի նպաստ Հայաստանի, կիսուիլ Հայաստանի իրենց գործընկերներուն հետ, կազմելծրագիրներ, լայնցնել համագործակցութիւնը Հայաստանի մարզերու բժիշկներու, Արցախի ու Սփիւռքի բժշկութեան ոլորտի ներկայացուցիչներուն հետ։
Համագումարի հիմնադիր նախագահ Արա Բաբլոյեանի խօսքով՝ նման համագումարներէն ետք կը ստեղծուին շարք մը ծրագիրներ, որոնք կու գան ապացուցելու, թէ ինչքան արդիւնաւէտ են այսպիսի համագումարներու կազմակերպումը։ Աշխարհի մէջ բժշկութիւնը կը զրագանայ շատ արագ, Հայաստանը պէտք չէ դուրս մնայ այդ արագութենէն, հարկաւոր է կառուցել համագործակցութիւն եւ զարգացնել ոլորտը։
Համագումարին մասնակից՝ հայրենադարձ բժիշկ Ճորճ Բարսեղեան «Զարթօնք»ին յայտնեց, որ 5-րդ միջազգային բժշկական Հայկական համագումարը, գիտական եւ գործնական բարձր արժեւորում դրսեւորեց՝ քննարկուած նիւթերու արդիական կարեւորութեան իմաստով, որտեղ համաշխարհային տարբեր բժշկական դպրոցներու փորձը իրար հանդիպելով, նոր ձեւաչափերով բիւրեղացան: Ելոյթներ ունեցանմիջազգային ճանաչուած հայ եւ օտարազգի փրոֆեսօրներ, գիտնականներ եւ բժիշկներ: Տոքթ. Բարսեղեանի կարծիքով. «(Համագումարը) Հիանալի կազմակերպուած էր ամէն ինչ, գլխաւորութեամբ անոր համաղեկավարներուն»:
«Բժշկական կարեւորութիւնէն անդին, այս համագումարը ունի ազգային մեծ նշանակութիւն: Շատ կը քննարկուի Հայրենիքի զարգացման ու առաջընթացի համար կենսական ու անհրաժեշտ սփիւռքի մասնակցութիւնը: Իսկ սփիւռքը առաւել գործնական կերպոով կրնայ օգտակար ըլլալ հայրենիքին՝ մասնագիտական համախմբումներու եւ միաւորումներու միջոցներով, որտեղ բժիշկը, վաճառականը, հողագործը, արհեստաւորը եւ այլն, ամէն ոք իր մասնագիտական փորձը բերելով հայրենիք, առաւել գործնականօրէն մասնակցած պիտի ըլլայ ազգային զարգացման գործընթացին, սա դեռ չի հաշուած համաշխարհային հայկական քարոզարշաւի դրական արձագանգն ու զբօսաշրջական շարժի օգուտները» . եզրափակեց Հայրենադարձ բժիշկը:
Համագումարի տարբեր բաժիններուն մէջ այդ երեք օրերուն տեղի ունեցան բազմաթիւ քննարկումներ, ներկայացուեցան առաջարկներ։ Ընդհանուր առմամբ՝ 5-րդ բժշկական համագումարը, մասնակիցներու խօսքով, կարելի է համարել յաջողած։
Յաջորդ միջազգային բժշկական համագումարը տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ մէջ։