Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Ուժանիւթի Նախարարութիւնը Կ՝ընդունի Ելեկտրակայանի Վերաբերեալ Նախնական Առաջարկները

«Զարթօնք», Պէյրութ – Ուրբաթ օր Ուժանիւթի նախարարութիւնը սկսաւ նախնական առաջարկներ ընդունիլ այն ընկերութիւններէն, որոնք շահագրգռուած են Լիբանանի ուժանիւթի նոր ծրագիրով կառուցելու երկու ելեկտրակայան:

Ընդունելով այս նախնական առաջարկները՝ կառավարութիւնը կը յուսայ ճշդել շուկայական հետաքրքրութիւնը նոր ծրագիրին վերաբերեալ եւ շահառուներու արհեստագիտական ու նիւթական հնարաւորութիւնները, որոնք նաեւ պիտի նպաստեն ուժանիւթի ծրագրի ընդլայնման։

Առաջարկները կ՝ընդունուին  ծրագիրով նախատեսուած վեց նոր ելեկտրակայաններէն երկուքին համար, որոնք կառավարութեան կողմէ հաստատուած էին Ապրիլին:

Ելեկտրակայանները պիտի կառուցուին հարաւային Զահրանի եւ հիւսիսային Սէլաաթայի մէջ: Նախատեսուած է, որ 2022-ին անոնք առցանց ըլլան՝ իւրաքանչիւրը արտադրելով 360 մ/ու, իսկ 2023-ին՝ 550 մ/ու:

Այժմ Լիբանանը ունի 1500 մ/ու ելեկրականութեան պակաս։

Նոր ծրագիրով հետաքրքրուած են General Electric-ը, Siemens-ը եւ Mitsubishi-ն։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին