ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Երկուշաբթի, 1 Յուլիս 2019, երեկոյեան ժամը 6։00-ին Իրանահայ միութեան «Այնթապլեան» կեդրոնին մէջ, Կլենտէյլ, տեղի ունեցաւ ջերմ եւ սիրալիր սիրոյ սեղան մը ի պատիւ ՀՀ հիւպատոս Տիար Ռազմիկ Ստեփանեանի, որու պաշտօնավարութեան շրջանը աւարտած ըլլալով, Երեւան պիտի վերադառնայ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ շարունակելու համար իր ծառայութիւնը։ Հանդիպումը կազմակերպած էր Իրանահայ միութիւնը։ Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսութեան անդամներ, գաղութիս քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներ։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը հրաւիրուած էր այդ ձեռնարկին եւ պատուիրակութիւն մը ներկայ եղաւ այդ գիշեր, կուսակցութեան գնահատանքը յայտնելով մեկնող հիւպատոս Տիար Ստեփանեանին, միեւնոյն ատեն բարի գալուստ մաղթելով զայն փոխարինող, Երեւանէն նոր ժամանած հիւպատոս Տիար Էտկար Գրիգորեանին։
ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան մեր շրջանակին անունով բարի ճանապարհ մաղթեց մեր կազմակերպութեան եւ Լոս Անճելըսի հայ գաղութի բոլոր միաւորներուն սէրն ու յարգանքը վայելող Տիար Ստեփանեանին։
Ապա, ներկաները յաջորդաբար սրտի խօսքերով եւ բաժակաճառերով իրենց բարի մաղթանքները յայտնեցին հայրենի երիտասարդ դիւանագէտին։
Վերջաւորութեան Պրն. Ստեփանեան խորապէս յուզուած, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Իրանահայ միութեան ողջերթի այս հանդիպումը կազմակերպելուն համար, ինչպէս նաեւ բոլորին՝ իրենց ներկայութեան եւ ջերմ խօսքերուն համար։
Խ.Ճ.