Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Հայաստան Հիմնադրամ ԱՄՆ-ը հանգանակութեան կը ձեռնարկէ՝ ի նպաստ Գիւմրիի մէջ բնակարանային նորարար ծրագրին

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայաստան Հիմնադրամ ԱՄՆ-ը (Armenia Fund USA) հանգանակային ծաւալուն արշաւ մը մեկնարկած է՝ ի նպաստ Գիւմրիի մէջ գործադրուելիք բնակարանային իր ընդլայնուած ծրագրին։ Արշաւը կ՚ընդգրկէ յատուկ Թելեթոն մը, որ պիտի կայանայ Յուլիս 14-ին, ինչպէս նաեւ ընթացիկ Ֆոնաթոն մը։

Հայաստան Հիմնադրամ ԱՄՆ-ի բնակարանային նոր ծրագիրը կը կրէ «Մեր Գիւմրին» անունը։ Ծրագրին ընդմէջէն, վերանորոգուած, ամբողջովին կահաւորուած, եւ տնային բոլոր անհրաժեշտ կազմածներով օժտուած յարկաբաժիններ պիտի յատկացուին աւելի քան 60 անտուն ընտանիքներու։ Նոյնքան յատկանշականօրէն, ծրագիրը նպաստառու ընտանիքներուն համար ապրուստի միջոցներ պիտի տրամադրէ՝ անոնց ներկայացնելով աշխատանքային մարզման եւ գործի բազմատեսակ պատեհութիւններ։

Հայաստան Հիմնադրամ ԱՄՆ-ը Գիւմրիի մէջ անտնութեան դէմ պայքար մղած է 2014-էն ի վեր, վերանորոգուած ու կահաւորուած յարկաբաժիններ յատկացնելով չքաւոր ընտանիքներու, որոնք տակաւին կ՚ապրէին խախուտ, հակա-առողջապահական խրճիթներու՝ այսպէս կոչուած տոմիկներու մէջ։ Ցարդ գրեթէ 55 ընտանիքներ յարկաբաժիններ ստացած են շնորհիւ ծրագրին, որ կ՚իրականացուի ARTN TV ընկերութեան գործակցութեամբ։ Այս տարի, Հայաստան Հիմնադրամ ԱՄՆ-ը արմատապէս ընդլայնած է ծրագիրը, մտադրած ըլլալով ո՛չ միայն արագացնել բնակարանային օժանդակութեան ընթացքը, այլ նաեւ նպաստառուներուն շնորհել բարեկեցութեան առաջնորդող աննախընթաց առիթներ։

«Մեր նպատակը՝ Գիւմրիի մէջ բազմաթիւ յաւելեալ ընտանիքներ անտնութեան նուաստացումէն փրկելն է, այսպիսով նաեւ սատարելով այդ հոյակապ քաղաքի շարունակուող վերականգնումին», յայտնեց Հայաստան Հիմնադրամ ԱՄՆ-ի նախագահ Մարիա Մեհրանեան եւ աւելցուց՝ «Ամէն ինչ պատրաստ է մեր ընդարձակուած ծրագրի իրագործման համար։ Կը մնայ միայն ունենալ կորովի աջակցութիւնը մեր համայնքին, հոս՝ Քալիֆորնիա եւ այլուր, որպէսզի շարունակենք բարեփոխել երկար տարիներ տառապած գիւմրեցի մեր հայրենակիցներու կեանքերը»։

Հայաստան Հիմնադրամի կազմակերպած յատուկ Թելեթոնը պիտի սփռուի Կիրակի, Յուլիս 14-ին, երեկոյեան 6-էն 10, Լոս Անճելըսի ARTN TV կայանէն։ Թելեթոնը պիտի պատուէ Գիւմրիի ինքնուրոյն մեծութիւնը՝ անոր ժողովուրդին, մշակութային հաստատութիւններուն ու նուաճումներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան Հիմնադրամ ԱՄՆի բնակարանային ծրագրին մասին տեղեկագրութիւններով ու վաւերագրութիւններով։

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին